ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՈՐԵՒԷ ՏԵՂ ՆՈՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եւրոպա կատարած իր շրջապտոյտին նախօրեակին «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուսամա Պըն Լատենի դէմ գործողութեան նման այլ գործողութիւն մը պիտի հրամայէ, եթէ Փաքիստանի մէջ կամ այլուր ահաբեկչական այլ ղեկավարի մը թաքստոցը բացայայտուի:

Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ մեծ յարգանքով կը վարուին փաքիստանեան գերիշխանութեան հետ, սակայն իրենց քաղաքացիները եւ դաշնակիցները սպաննելու ծրագիրներու մշակումն ու գործադրումը պիտի չարտօնեն: «Չենք կրնար արտօնել, որ այդպիսի ծրագիրներ գործադրուին, առանց որեւէ քայլի դիմելու», նշեց ան:

Share this Article
CATEGORIES