ՔԱՅԼ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԿԱՐԳԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ օր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Կարսի մէջ իր ընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին:
Ընդգծելէ ետք, թէ թրքական կողմը կը սպասէ Հայաստանի քայլին, Էրտողան ըսած է. «Ինչ կը վերաբերի եղբայրութեան, ապա մենք Ազրպէյճանի, Նախիջեւանի հետ յաւերժ եղբայրներ ենք: Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան, ապա մենք մեր հաշտեցման ձեռքը բարի նպատակներով երկարեցինք Հայաստանին: Հիմա անոր կարգն է»:
Էրտողան Կարսի մէջ մասնակցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի անուան արդիւնաբերական վարժարանի հիմնարկէքի արարողութեան, որուն ընթացքին խօսած է թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին մասին:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Էրտողանի հանրահաւաքին ընթացքին խումբ մը մարդիկ հակաիշխանական կոչեր արձակած են: Ոստիկանները անմիջապէս միջամտելով ձերբակալած են 10 հոգի: