ԿԻՊՐԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԸՆՏՐԷ ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆԸ` ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ

Վարդգէս Մահտեսեան` յաղթական

Երէկ Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց առընթեր` նաեւ փոքրամասնութիւններու պետական ներկայացուցիչներու ընտրութիւնները:

Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչի պաշտօնին ՀՅԴ-ի թեկնածուն էր Վարդգէս Մահտեսեան. առաջադրուած էր նաեւ Անդրանիկ Աշճեանի թեկնածութիւնը:

Քուէարկութիւնը վերջ գտաւ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ ՀՅԴ-ի ջախջախիչ յաղթանակով` 68-32 համեմատութեամբ:

«Այս փառաւոր յաղթանակը կը պատկանի կիպրահայութեան» յայտարարեց Վարդգէս Մահտեսեան` աւելցնելով. «Վստահութեան այսքան մեծ արտայայտութիւն` ուսերուս շատ մեծ պարտաւորութիւն կը դնէ, յաւելեալ ճիգերով ծառայելու մեր գաղութին` աւելի լաւ ապագայի մը տեսլականով»:

 

Share this Article
CATEGORIES