ԱԿՆԱՐԿ.«ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ԳՈՅՆԵՐՆ ՈՒ ՄՕՏ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ»

Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայող հայազգի զինուորին սպանութիւնը կը շարունակէ խլել թրքական հասարակութեան կարգ մը ոլորտներուն լուսարձակները: Համոզիչ չէր թրքական պաշտօնական աղբիւրներու անդադար շեշտելը, թէ Սեւակ Պալըգճին դժբախտ պատահարի զոհ էր: Այժմ կը բազմանան այն լրատուութիւնները, որոնք կը սկսին փարատել թրքական իշխանութիւններուն յառաջացուցած ծխածածկոյթը այս դէպքին վրայէն: Ի յայտ կու գայ, նոյնինքն թրքական այլ շրջանակներէ, որ Սեւակը սպաննած թուրք «մօտ ընկեր»ը կը պատկանի ազգայնական շարժումին եւ որ չէ պահած նաեւ իր մտածումները համացանցի ընկերային ծառայութիւններուն վրայ հրապարակելու:

Թուրք զինուորին հրապարակած մտածումները դէպքէն անմիջապէս ետք հանուած են համացանցի համապատասխան էջերէն: Հարցին ծալքերուն աւելի յստակ բացայայտումներ կատարուած են, երբ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարող թուրք գործիչ մը հարկադրուած զգացած է պատասխանելու եւրոպական հարցերու թուրք նախարարի մէկ յայտարարութեան: Ըստ թուրք նախարարին, «մեր եղբայր Սեւակը կը ներկայացնէր Անատոլուի գոյները»:

Խնդիրը այս պարագային ներթրքական հարթութիւններու վրայ երեւցող հարցի ծածկումին կամ հետապնդման ու բացայայտման միջեւ առկայ  հակասութիւններէն աւելի հայկական կողմէն ակնկալուած հակազդեցութեան բացակայութիւնն է:

Եթէ կայ այն յստակ համոզումը, որ «մօտ ընկերոջ» մը հետ կատակի իբրեւ արդիւնք դժբախտ պատահար չէ արձանագրուածը, ապա այդ պարագային լոյսին պէտք է բերուի ամէնէն դատապարտող ձեւով թուրք ազգայնականութեան անհանդուրժողականութիւնը եւ շեշտուի ազգայնականութեան ցոյց տրուող ուղղակի թէ անուղղակի քաջալերանքը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ:

Սպանութեան պարունակն ու շրջագիծը չեն տարբերիր Հրանդ Տինքի սպանութեան շարժառիթներէն: Աւելի՛ն. Տինքը սպաննողը իշխանութիւններուն թոյլտուութեամբ կ՛արժանանար հերոսի վերաբերումի, մինչ այս պարագային սպաննող զինուորը կը ներկայացուի իբրեւ «մօտ ընկեր», որուն հրապարակած մտածումներուն հետքերը կը ջնջուին:

Թրքական ազգայնականութիւնը կը շարունակէ անարգել արշաւելով զոհեր խլել փաստօրէն: Պաշտօնական Անգարայի կիրարկած խաղի կանոնները` կոթողներ վերանորոգելու, հանդուրժողականութիւն ցուցադրելու, երկխօսութեան ռահվիրայի խաբկանք ստեղծելու, կը խանգարուին ազգայնական տարրերու կողմէ: Կառավարական համապատասխան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ կը փութան ծածկելու նման պատահարները:

Ճիշդ հոս է, որ պաշտօնական Անգարայի վարքագիծին սնանկութիւնը փաստելու համար, միջազգային ընտանիքին եւ առհասարակ հանրութեան պէտք է ներկայացուին պատահարներու իրողական պատկերները: Այս պարագային` Սեւակ Պալըգճիի սպանութեան բուն շարժառիթները, ներկայացուած բեմագրութիւններուն թատերական էութիւնը եւ ընդհանրապէս հարցը ծածկելու պաշտօնական քաղաքականութեան մանրամասնութիւնները:

Նման բացայայտումներ տարածելու համար նոյնինքն թրքական աղբիւրներուն վրայ յենիլն ու թուրք գործիչներուն կատարած յայտարարութիւններուն յղում կատարելը յաւելեալ կ՛օգնէ, որ դէպքին հետեւողը կարենայ զատել «մօտ ընկերը» թշնամիէն` գիտակցելու ,որ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ չի հանդուրժուիր գոյներու տարբերութիւնը: Սեւի բացարձակ տիրապետումը իրողական պատկերն է այսօր Թուրքիոյ մէջ: Եւ այդ գոյնի գաղափարախօսութիւնը տակաւին նոր զոհեր խլելու համար նոր ազգայնականներ արտադրելու պարարտ ենթահողը ունի: Ա՛յս պէտք է ցոյց տալ ամբողջ աշխարհին:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES