ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման շաբաթ առաւօտեան ժամը 8:30-ին Լիբանանէն մեկնեցաւ Աթէնք: Ֆելթմանը ճամբելու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Ճեֆրի Ֆելթման անմիջապէս Լիբանան ժամանած է Մարուն Ռասի մէջ 15 մայիսին արձանագրուած միջադէպերուն պատճառով: Ան փութացած է Լիբանան, որպէսզի լիբանանցի պատասխանատուներէն պահանջէ զգուշանալու Իսրայէլի ապահովութեան վնասելէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք կառավարութիւնը անպայման պիտի որդեգրէ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար զօր. Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Ճեֆրի Ֆելթմանի Լիբանան կատարած այցելութիւնը կը միտէր լիբանանեան քաղաքական շրջանակները հրահրել Սուրիոյ դէմ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի առաջարկուի եւրոպական նախաձեռնութիւն մը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է կազմել կառավարութիւն մը եւ Լիբանանը ապահովական եւ տնտեսական գետնի վրայ ամրապնդել:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ գործավար նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ երկրին կարիքները թոյլ կու տան, որ հրաժարեալ կառավարութիւն մը նիստ գումարէ եւ որոշումներ տայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպէյսի շեշտեց, որ իրենք չեն ընդունիր, որ մէկը միջամուխ ըլլայ իրենց աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն կազմելու համար կառավարութիւն մը` խորհրդարանական մեծամասնութեան հիման վրայ:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ դժուարութիւններն ու տագնապները կրնան մղել յաջող նախաձեռնութիւններ առաջադրելու, այնքան ատեն որ աշխատանքի կամքը առկայ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտասանած ճառին մէջ արաբեւիսրայէլեան տագնապին լուծման վերաբերեալ յուսախաբութիւն մը զգալի էր:

ԱՊԻՃԱՆԻ մէջ լիբանանեան գաղութի նախագահ Նեժիպ Զահըր յայտնեց, որ Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Ուաթարա խոստացած է հատուցումներ կատարել` վնասներ կրած 80 հազար լիբանանցիներուն:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ տիրող քաոսային իրավիճակը պատճառ կը դառնայ, որ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չկարենայ կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ երեք օրերուն` երկուշաբթի, 23, երեքշաբթի, 24 եւ չորեքշաբթի, 25 մայիսին բանակի ուղղաթիռներ երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէս գիշեր թռիչքներ պիտի կատարեն Պեքաայի վերեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES