ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԻՏԻ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՄԼԻԹԱ

Ռաատ եւ Արիտի` Մլիթայի թանգարանին մէջ

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտի այցելեց Մլիթայի Հըզպալլայի զինուորական թանգարան, ուր շեշտեց, թէ ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է ամրապնդել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ նեցուկ կանգնիլ Դիմադրութեան ու անոր բարձրացուցած զէնքին առաքելութեան:

Իր կատարած յայտարարութեան մէջ Արիտի նշեց, որ այնքան ատեն որ լիբանանեան հողերը բռնագրաւուած կը մնան, ապա անհրաժեշտ է թշնամի Իսրայէլին դէմ զէնքը բարձր պահել` մինչեւ լիբանանեան բոլոր հողերուն ազատագրումը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին այցելելու Մլիթա եւ վկայելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղած է յաղթել Իսրայէլին:

Միւս կողմէ, Արիտի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պէտք է կառավարութիւն կազմել ամէնէն մօտիկ ապագային, որովհետեւ անիկա էական անհրաժեշտութիւն մըն է երկրին համար:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, որ ընկերակցեցաւ գործավար նախարար Արիտիին, շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առումով ուշացումները այլեւս անբացատրելի են` աւելցնելով, որ իրենք պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ կը հետեւին շրջանին եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES