«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՍՐՏԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՍԻՐՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իշխանութիւնը, որ կը նպատակադրէ մարդ անհատին ծառայութիւնը, կ՛ենթադրէ, որ պատասխանատուներուն սրտերուն մէջ սէր գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ սիրոյ զգացումն է, որ էական ուժը կու տայ` մարդկութեան ծառայելու:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ներկայիս Լիբանան կը տառապի բազմաթիւ ախտերէ, որոնց պէտք է դիմադրել եւ լուծումներ գտնել:

«Մենք կ՛ապրինք ժողովրդավար աշխարհի մը մէջ եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է հաւատանք խօսքի եւ տեսակէտի ազատութեան, ինչպէս նաեւ պէտք է ունենանք բազմազանութիւն` կուսակցութիւններու, տեսակէտներու եւ պատկերացումներու առումով», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրին ընդունեց Ֆրանսայի նախկին վարչապետ, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Ռաֆարենը, որուն ընկերակցեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ Լիբանանի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Խալիլ Քարամը:

Հանդիպումին ընթացքին Ռաֆարեն շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` անոր ընտրութեան առիթով, եւ պատրիարքին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:

Ան Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ողջոյնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին` շեշտելով, որ Ֆրանսացի պատասխանատուները կը սպասեն մարոնի պատրիարքին Փարիզ այցելութեան, որպէսզի անոր հետ տեսակէտներ փոխանակեն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական պատմական յարաբերութիւնները:

Ռայի պատրիարքին այցելուներէն եղաւ նաեւ եգիպտական «Ալ Ղատ» կուսակցութեան ղեկավար Այման Նուր, որ Ռայի պատրիարքը պարգեւատրեց կուսակցութեան մետալով:

Հանդիպումին քննարկուեցաւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր վեհաժողովին մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը շաբաթ օր այցելեց Մարոնի միաբանութեան կեդրոնը, ուր աննախընթաց ընդունելութեան արժանացաւ:

Մարոնի պատրիարքը իր քարոզին մէջ շեշտեց համագործակցութեան եւ սիրոյ կարեւորութիւնը, որոնց շնորհիւ լիբանանցի պատասխանատուները պիտի կարենան շրջանցել իրենց տարակարծութիւնները եւ ծառայել Լիբանանին ու լիբանանցիներուն:

Ռայի պատրիարքը աղօթեց առ Աստուած` խնդրելով, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան տագնապը լուծուի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES