Կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան. Փունջ Մը Անմոռաց Երգերու Մենահամերգ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Քարոլ Պապիկեան-Գոգոնիի եւ կազմակերպութեամբ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, երէկ` կիրակի, 2 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փունջ մը անմոռաց երգերու մենահամերգ` կատարողութեամբ լիբանանահայ անուանի մեներգիչ Գէորգ Պեպեճեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարինէ Կակոսեանի:

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին անունով Ճորճ Վարդանեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հրաւիրեց Գէորգ Պեպեճեանը, որ գերազանց կատարումով մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ հմայեց ներկաները` մեկնաբանելով «Հայաստան», «Գուսանի երգը», «Արփա Սեւան», «Կռունկ», «Թամամ աշխարհ», «Հայաստան երկիր դրախտավայր», «Սիրուս կը սպասեմ», «Կ՛ուզես լինիմ», «Հայրենիքիս հետ», «Վերադարձի՛ր դու կրկին», «Երգի՛ր ինձ համար», «Լիրիկական», «Շողոտ Շաղոտ», ինչպէս նաեւ «Ռթիս օ Սոլէ Միօ», «Սանթա Լուչիա», «Լա Տոննա է մոպիլէ», «Թորնա է Սուրիենթօ», «Ֆունիքուլի ֆունիքուլա» երգերը:

(Լուսանկարները` ԱՍՕ ԿԱՐՎԱՆԵԱՆի)

Յայտնենք, որ կարգ մը երգերուն Պեպեճեանի ընկերակցեցաւ Համազգայինի ժողովրդային նուագարաններու համոյթը` ղեկավարութեամբ եւ շուիի ընկերակցութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, քանոն`  Սալբի Քէօշկերեան, տհոլ` Գէորգ Քէօշկերեան, ձեռնադաշնակ` տոքթ. Սեպուհ Այնթէպլեան:

Աւարտին խօսք առաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ հաստատեց, որ ներկայացուած երգերը չեն մոռցուիր, որովհետեւ իսկական հարազատ երաժշտական կառոյց եւ հիմք ունին: «Մենք նման արժէքներ դասական կը կոչենք, որովհետեւ անոնք կը մնան մեր կեանքին մէջ, Մեր այս երգերը դասական են, այնքան ատեն որ անոնք մեր ժողովուրդի հարազատ ակունքներէն կը բխին», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այս երգերուն մնայուն ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ անհրաժեշտ է:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը Գէորգ Պեպեճեանի ունեցած երկարամեայ վաստակին եւ նուիրումին համար գնահատական խօսք ուղղեց եւ օրհնութեան գիր յանձնեց անոր: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւս յուշանուէրով մը պատուեց անուանի երգիչը:

Եզրափակիչ բաժինով շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գ. Պեպեճեան:

 

Share this Article
CATEGORIES