Դպիրներու Եւ Կիսասարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 2 յունիս 2013-ի առաւօտուն, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ա., Բ. եւ Գ. ժառանգաւորացի սաները դպրութեան աստիճան ստացան, իսկ Ա. ընծայարանի սաները կիսասարկաւագութեան կարգ ստացան:

Ս. պատարագը մատուցեց Տաճատ աբղյ. Աշըգեան: Իսկ նախքան «Հայր մեր»-ը, Նորայր եպս. Աշըգեան ձեռնադրութեան կարգը կատարեց եւ իր հայրական խօսքը փոխանցեց նոր ձեռնադրուած սաներուն:

Կիսասարկաւագ եղան Գէորգ Նալպանտեան եւ Ա. ընծայարանի վեց սաներ` Սարգիս Աճեմեան, Համլիկ Զաքարեան, Մովսէս Խաչատուրեան, Յարութիւն Կիւլոյեան, Յովհաննէս Չուալերթանեան եւ Պօղոս Քէսապլեան:

Իսկ դպիր եղան Ա., Բ. եւ Գ. ժառանգաւորացի սաներէն Տիգրան Զապոնեան, Եսայի Մանուկեան, Ներսէս Գոզանեան, Յակոբ Գազանճեան, Րաֆֆի Գասապեան, Շանթ Գարակէօզեան, Կարապետ Էօրտեքեան, Զոհրապ Մանուկեան, Յարութիւն Չիլաբոշեան, Ղազար Քէօշկերեան եւ Յակոբ Քիւրտեան:

Ս. Եւ անմահ պատարագէն ետք, նոր ձեռնադրուած կիսասարկաւագները, տեսչութեան անդամներուն եւ ձեռնադրող սրբազանին հետ, բարձրացան Արամ Ա. վեհափառին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES