ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղ. Մայիսեան Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 2 յունիսի երեկոյեան, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ մայիսեան տօնակատարութիւն:
Բացման խօսքը արտասանեց Սանահին Թովմասեան, որ դիտել տուաւ, թէ մայիսեան յաղթանակն է, որ կանգուն պահած է ներկայ Հայաստանը եւ մեր պատմութեան շնորհած է Քաջազնունիի, Խատիսեանի եւ Մանուկեանի նման հերոսներ: Ան դիտել տուաւ, որ պարտութիւնը այդ օրերուն ընտրանք չէր, որովհետեւ յաղթանակի սահմանէն դուրս որեւէ այլ տարբերակ մեզ կը նետէր պատմութեան սեւ էջերուն գիրկը: Այս գիտակցութեամբ ալ մղուեցան Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը եւ արձանագրուեցան յաղթանակներ:
«Այսօր կը տեսնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն դարձած է անկախ պետութիւն մը, որ սակայն աշխատանքի երկար ճամբայ ունի` բարելաւելու համար ինքզինք եւ դառնալու իւրաքանչիւր հայու երազած հայրենիքը: ԼԵՄ-ը ներդրում կատարելով` իր «Անուշ հայրենիք» ծրագիրով կամուրջ մը կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ լիբանանահայ պատանիին ու երիտասարդին միջեւ: Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կարճատեւ անկախութիւնը հայապահպանման երաշխիքներէն մէկը դարձաւ տարիներու խաւարումէն ետք: Մեր հայապահպանման ոգին կը պարտինք մեր պապերուն, որոնք ոտքի կանգնեցան առանց վարանելու եւ վերջ դրին մեր դարաւոր ստրկութեան: Մենք, ըլլալով իրենց արժանի հետեւորդները, ուխտած ենք հասնիլ Արամ Մանուկեանի եւ իր ընկերներուն ստեղծած Հայաստանին, Սեւրի դաշնագիրով սահմանուած Հայաստանին, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին», հաստատեց Ս. Թովմասեան:
Ան յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը զէն ի ձեռին ոտքի կանգնեցաւ եւ համայն աշխարհին ապացուցեց, որ հայը իր իրաւունքին, իր պատմութեան եւ իր մշակոյթին միակ տէրն ու տիրականն է:
Իր խօսքը եզրափակելով` Սանահին Թովմասեան հաստատեց, որ մայիսեան ոգիով կարելի եղաւ նորանոր յաղթանակներ կերտել, ազատագրել Արցախը եւ վճռակամ պայքարիլ` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տիրացման ի խնդիր:
Օրուան երգիչն էր Սերոբ Յակոբեան, որուն երգեհոնի վրայ կ՛ընկերակցէր Աւօ Չայլեան: Ան ազգային յեղափոխական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը եւ ներկաներուն փոխանցեց մայիսեան յաղթանակին մթնոլորտը:


