ԼՕԽ-ի Նորակառոյց Կազդուրման Կայանի Ծառատնկումի Աշխատանք

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ, Այնճար  հայաւանին մէջ կազդուրման կայանի շէնքին շինարարական աշխատանքներուն լրումով:

Շէնքը իր գեղատեսիլ տեսքով, արդիական շինարարութեամբ, այսօր ուշադրութիւնը կը գրաւէ գիւղի այցելուներուն:

Սիրտ ուրախացնող, հպարտութիւն առթող այս կառոյցը շուտով կը դառնայ հայու զաւակներուն  ֆիզիքական եւ բարոյական  կազդուրման կայանը:

Արդարեւ` «Արաքսի եւ Ալեքսան Գլպաշեան» նորակառոյց կազդուրման կայանի շինարարական աշխատանքները աւարտած ըլլալով, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը կազդուրման կայանի շէնքին շուրջ գտնուող պարտէզին մէջ ծառատնկումի աշխատանքի մը ձեռնարկեց շաբաթ, 1 յունիս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Կազդուրման կայան յաճախող  փոքրիկներ եւ պատանիներ, իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ,  մասնակցութիւն բերին Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած թուփերու ծառատնկումի աշխատանքին` ներկայութեամբ կառոյցի բարերարներուն, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի  անդամներուն:

Տեսարանը շատ հաճելի երեւոյթ կը պարզէր, փոքրիկները անօրինակ խանդավառութեամբ մը համակուած էին, անոնց աչքերէն ուրախութիւն կը ճառագայթէր, կարծէք շնորհակալական խօսքեր էին ուղղուած բարերարներուն, որոնք հոգեկան բաւարարութեան զգացումներով կը հետեւէին անոնց անմեղունակ շարժումներուն:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի երկնակամարին վրայ կ՛աւելնայ լուսաւորութեան նոր տուն մը, որ հաւատքով ու յանձնառութեամբ, ֆիզիքական ու հոգեկան սնունդ  պիտի փոխանցէ տնտեսական տագնապի մէջ տուայտող դասակարգի մատղաշ սերունդներուն` հունաւորելով անոնց մէջ ազգային շունչ ու հայեցի դաստիարակութիւն:

Կեդրոնը, Գլպաշեան բարերարներու, ազգայիններու, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ, հայ փոքրիկներուն պիտի ընձեռէ, իր բազմազան ծառայութիւններուն կողքին, տաքուկ ընտանիքի սէրն ու ջերմութիւնը` հանրային ծառայութեան ջահը փոխանցելով սերունդէ սերունդ, հաւատարիմ մնալով ԼՕԽ-ի վեհ նպատակին:

Share this Article
CATEGORIES