«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ընդհանուր Տնօրէնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 1 յունիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէնը` դոկտ. Ուոլթըր Պանտազեանը, ընկերակցութեամբ նոյն հաստատութեան Լիբանանի տնօրէնին` Սերոբ Օհանեանին: Յայտնենք, որ «Գարակէօզեան» հաստատութեան գործունէութեան ծիրին մէջ կը գործեն երեք կեդրոններ` Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Դոկտ. Պանտազեան, որուն գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ,  ընդհանուր պատասխանատուն է յիշեալ կառոյցնեու աշխատանքներուն:

Վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ «Գարակէօզեան»-ի պատասխանատուներուն ընդհանուր զեկուցում մը ներկայացնելու հաստատութեան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ կեդրոններու աշխատանքներուն մասին: Դոկտ. Պանտազեան վեհափառ հայրապետին յայտնեց, որ ներկայ տարուան ընթացքին հաստատութիւնը արդէն իսկ 75 հազար տոլար տրամադրած է Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն` «Գարակէօզեան»-ի ճամբով, իսկ 50 հազար տոլար Լիբանանի կեդրոնին` նոյն նպատակին համար:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց «Գարակէօզեան»-ի կատարած աշխատանքներուն եւ շեշտեց Սուրիոյ հայերու օգնութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը` Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ թելադրեց, որ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոցներ յաճախող ու հոգեբանական օգնութեան կարիք ունեցող շուրջ 100 աշակերտներու, ինչպէս նաեւ դանդաղ սորվող շուրջ 25 աշակերտներու «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը աւելի կազմակերպ ու մասնագիտական մօտեցումով կը շարունակէ օգտակար դառնալ` խորհրդակցաբար դպրոցներու տնօրէններուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES