Այսօր` «Պայքաթոն Ժիպէյլի» Մամլոյ Ասուլիսը

«Կրին Մայնտ» միութիւնը` գործակցութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ «Հիտ» միութեան, այսօր` երկուշաբթի, 3 յունիսին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ «Պիպլոս Պայքաթոն» հեծելարշաւի մրցումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Ժիպէյլի եւ անոր շրջակայքը գտնուող շրջաններուն մէջ: Անիկա կը վայելէ հովանաւորութիւնը կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի:

Նշենք, որ մամլոյ այս ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ Ժիպէյլի մշակութային կեդրոնին մէջ` հին շուկային մուտքին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES