ՖԻՏԷ-ի Յունիսի Դասաւորման Մէջ. Լեւոն Արոնեան Կը Մնայ Երկրորդ Դիրքին Վրայ

Լեւոն Արոնեան

Շաբաթ, 1 յունիսին, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց աշխարհի ճատրակի նոր դասաւորումը, ուր Հայաստանի հզօրագոյն ճատրակ խաղացող, ճատրակի ողիմպիականի եռակի ախոյեան Լեւոն Արոնեան կը պահէ իր երրորդ դիրքը: Ան իր տրամադրութեան տակ ունի 2813 կէտ:

Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, որ ունի 2864 կէտ: Ան նախորդ դասաւորման համեմատ կորսնցուցած է 4 կէտ:

Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ աշխարհի նախկին ախոյեան Վլատիմիր Քրամնիք (2803 կէտ):

Հայազգի ճատրակ խաղացողներէն ՖԻՏԷ-ի լաւագոյն հարիւրին մէջ են Սերկէյ Մովսիսեան, որ ունի 2699 կէտ եւ 48-րդ դիրքին վրայ է, Վլատիմիր Յակոբեան 55-րդ` 2691 կէտով եւ Գաբրիէլ Սարգսեան 72-րդ 2671 կէտով:

Share this Article
CATEGORIES