«Առաջարկ Ներկայացուցինք, Որ Ճատրակը Ընդգրկուի Ողիմպիական Խաղերուն Մէջ» Ըսաւ Ֆիտէ-ի Նախագահը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, ՖԻՏԷ-ի նախագահը ներկայացուցած է առաջարկ մը, որ ողիմպիական խաղերուն մէջ ընդգրկուի ճատրակը:
«Խնդրագիր-առաջարկ մը ներկայացուցինք Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին այս գծով: Կարեւոր չէ, եթէ անիկա ընդգրկուի ամառնային կամ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մէջ: Էականը այն է, որ ճատրակը մենք կը ներկայացնենք իբրեւ մարզական խաղ կարգ մը ֆետերասիոններու հետ, որոնք ազդեցիկ դերակատարութիւն ունին ողիմպիականին մէջ: Այդ ֆետերասիոններուն նախագահները համաձայն գտնուեցան, որ ճատրակը եւս մաս կազմէ ողիմպիական խաղերուն», ըսաւ ՖԻՏԷ-ին նախագահ Քիրսան Իլիումժինով:
Եզրափակելով ան յիշեցուց, որ ՖԻՏԷ-ն տարեկան շուրջ 10 հազար պաշտօնական, իսկ շուրջ 100 հազար ոչ պաշտօնական մրցաշարք կը կազմակերպէ:

