Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն Մասնակցեցաւ Միջազգային Ողիմպիական Ակադեմիայի Նստաշրջանին
Ուրբաթ, 31 մայիսին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային ողիմպիական ակադեմիային 12-րդ նստաշրջանը:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէէն նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական ակադեմիային պատուիրակութիւնը: Անիկա կը գլխաւորէր Վահրամ Առաքելեան: Անոր մաս կը կազմէին նաեւ Հոմպերթ Գալստեան եւ Յարութիւն Բաբայեան:
71 երկիրներու 105 ներկայացուցիչներ քննարկած են ողիմպիական հիմնահարցերուն լուծման ձեւերն ու միջոցները` ազգային ողիմպիական ակադեմիաներու աշխատանքներուն մէջ:
Հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ կատարուած ողիմպիական կրթութեան աշխատանքներու վերաբերեալ ելոյթ եւ վաւերագրական տեսերիզ:
Անոնք ընդգծած են, որ բազմաթիւ հայ մարզիկներ տարբեր երկիրներու դրօշին տակ դարձած են ողիմպիական ախոյեաններ եւ մրցանակակիրներ:

