Պարսելոնա Այսօր Կը Ներկայացնէ Իր Նոր Մարզիկը` Նէյմարը
Իր լուրը քաղելով sport.ru կայքէջէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` երկուշաբթի, 3 յունիսին, Պարսելոնայի նորեկ մարզիկ Նէյմարի ներկայացումին ներկայ պիտի ըլլան 50 հազար համակիրներ` ակումբին դաշտին` «Քամփ Նու»-ի մէջ:
Ան նախ պիտի լուսանկարուի ակումբին շապիկով, ապա 5 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ ակումբին տոմարներուն վրայ:
Նախնական տուեալներու համաձայն, ան տարեկան իր ակումբէն պիտի գանձէ 7 միլիոն եւրօ, իսկ անոր փոխանցումը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով:
Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզին սկսած է 1999-ին` մաս կազմելով Սանթոսի երիտասարդներու խումբին: Ան 2010-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
CATEGORIES Մարզական

