Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխ Հեթրիք Մը Իրագործեց

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Պայէրն Միւնիխը եւ Շթութկարթը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 3-2 արդիւնքով:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պայէրն Միւնիխ յաջողեցաւ փայլուն տարեշրջան մը աւարտել` նկատի ունենալով, որ անիկա հեթրիք մը իրագործեց, նախապէս տիրանալէ ետք «Պունտըսլիկա»-ի (Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքերուն:

Պայէրն Միւնիխի կոլերը նշանակեցին Թոմաս Միւլըր (37-րդ` փենալթիով), եւ Մարիօ Կոմեզ (48-րդ եւ 61-րդ):

Թէեւ 3-0 արդիւնքով ուշացած Շթութկարթ 71-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն նշանակեց երկու կոլ` շնորհիւ Հառնիքի, սակայն ատիկա կացութենէն բան չփոխեց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES