Հայ Աւետարանական Քոլեճի 90-ամեակին Առթիւ Լուսանկարչական Ցուցահանդէս
Հայ աւետարանական քոլեճի 90-ամեակին առթիւ, դպրոցի հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, լուսանկարչական ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, վերապատուելիներ` Սողոմոն Քիլաղպեան, Վիգէն Չոլագեան, Յովհաննէս Սվաճեան, Հրայր Չոլագեան, Մասիս ծ. վրդ. Զոպուեան, ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Սեպուհ Թերզեան եւ այլ հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան, որ իր հակիրճ խօսքին մէջ նշեց, թէ դպրոցը ազգին տուած էր 1542 շրջանաւարտներ, որոնցմէ շատեր բարձր իրագործումներ արձանագրած են կեանքի տարբեր ասպարէզներուն մէջ, եւ թէ` քոլեճը գոհունակութեամբ կը ներկայացնէր դպրոցի 90-ամեակին առիթով իր շրջանաւարտներէն վեր. Վիգէն Չոլագեանի (հովիւ` Աթէնքի Հայ աւետարանական եկեղեցիին) եւ Մինաս Աւագեանի (տնօրէն` Տուպայի «Տիւթէք» ընկերութեան), ինչպէս նաեւ` իր շրջանաւարտներէն սիրողական լուսանկարողներու` ցուցահանդէսի մղիչ ուժը հանդիսացող Ներսէս Պաղտոյեանի, նաեւ` Լուտեր Արթինեանի, Կարին Հայտոսթեանի եւ Արին Պաղտոյեանի գործերը:
Հոգաբարձութեան ատենապետ Ռուբինա Արթինեան, ընկերակցութեամբ հոգաբարձութեան դիւանի անդամներուն, հովիւին եւ տնօրէնին, ցուցասրահի մուտքի ժապաւէնը քակելէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի ընդարձակ հանդիսասրահին մէջ դիտելու լուսանկարները, որոնցմէ մաս մը տեղւոյն վրայ ծախուեցաւ:
Լուսանկարները կը ներկայացնէին բնութիւնը` անապատ, ծով, լեռներ, ծաղիկներ, անասուններ, մարդիկ, հին տուներ ու պատուհաններ, մեծ մասը` գունաւոր, բայց կային նաեւ սեւ ու ճերմակ նկարներ:
Ցուցահանդէսը բաց մնաց 3 օր:
Բնութեան Սիրահարներ
Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի 90-ամեակի մարմինին, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը: Սոյն ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին վերապատուելի Վիգէն Չոլագեանը (հովիւ` Աթէնքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ) եւ Մինաս Աւագեան (տնօրէն` Տուպայի HRMS solutions, DUTECH ընկերութեան), ինչպէս նաեւ` վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն Ներսէս Պաղտոյեանը, Լուտեր Արթինեանը, Կարին Հայտոսթեանը եւ Արին Պաղտոյեան. այս խմբակին մէջ արհեստավարժ նկարիչներու կողքին կային նաեւ սիրողական մակարդակի լուսանկարիչներ, որոնք կարծէք բնութեան սիրահարներ ըլլան կամ պարզապէս ճամբորդներ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեանը, որ հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք դպրոցի 90-ամեակին, թուեց մասնակիցները իրենց հանգամանքներով: Ապա տեղի ունեցաւ բացումը սոյն լուսանկարչական ցուցահանդէսին:
Բաւական հետաքրքրական լուսանկարներ կային այնտեղ, կարծէք` լուսանկարները բաժնուած էին քանի մը խումբերու, տիրող թեման բնութիւնն էր, այնտեղ կային նաեւ ծառեր, ծաղիկներ եւ պատուհաններ:
Լուսանկարները վերջին շրջանին նկարուած գործեր էին եւ ունէին զանազան աշխարհագրական թեմաներ` սկսելով Յունաստանէն, անցնելով Արաբական Էմիրութիւն հասնելով Լիբանան եւ շարունակելով իրենց երթը դէպի Եւրոպա, հասնելով մինչեւ Զուիցերիոյ լեռները: Ցուցահանդէսին նպատակն էր բացայայտել եւ սիրել մեր աշխարհը, մեր բնութիւնը. կազմակերպիչները այս ցուցահանդէսը նուիրած էին վարժարանի հիմնադրման 90-ամեակին, իսկ թեման, ինչպէս ըսինք, բնութիւնն էր, նկատի ունենալով, որ 21-րդ դարը բնապահպանութեան դար է: Խօսելով իւրաքանչիւր լուսանկարիչի մասին` կարելի է ըսել, որ վերապատուելի Վիգէն Չոլագեանը բաւական հմուտ լուսանկարիչ է, եւ կարծէք` ժառանգական գիծ մը գոյութիւն ունի իր եւ մօրեղբայրներուն միջեւ: Իր թեման գրեթէ բնութիւնն էր եւ բնութենէն ծլած հրաշալի ծաղիկները, զորս մեծ վարպետութեամբ լուսանկարած էր ան: Մինաս Աւագեանին մասին խօսելով` ըսենք, որ ան ալ մանկութենէն եկած այդ սէրը զարգացուցած է եւ հասցուցած` մասնագիտացման: Անոր գործերը երբ դիտենք, կրկին այնտեղ բնութիւնն է, որ մեծ բաժին խլած է. Մինասին մօտ լոյսի եւ շուքի զգացողութիւնը շատ զգալի էր, ուղղակի կը զգաք, որ հմուտ լուսանկարիչի գործեր ցուցադրուած են:
Խօսելով Ներսէս Պաղտոյեանի մասին` ան ալ բաւական հետաքրքրական գործեր ունէր: Ներսէսին ոսպնեակէն ալ չէ վրիպած բնութիւնը, բայց անոր մօտ բոլորովին տարբեր է պատկերը. այնտեղ զանազանութիւն կայ մշակոյթներու: Ուր որ այցելած է ան, իրեն հետ ունեցած է իր լուսանկարչական մեքենան եւ անպայման անմահացուցած այն, ինչ որ տեսած է իր ոսպնեակէն: Ն. Պաղտոյեանի մօտ կար մարդ էակը, որ միւսներուն մօտ չկար:
Ինծի համար բնութիւնը շատ գեղեցիկ է, բայց երբ կը նկատես մարդ էակը իր ուրախ կամ տխուր վայրկեանին, այդ պահուն է, որ հետաքրքրական գործ կը ստեղծուի, եւ այդ մենք տեսանք Ն. Պաղտոյեանին մօտ:
Լուտեր Արթինեան, որ նաեւ սիրողական էր, շատ մօտ էր բնութեան, իր գործերուն մէջ միշտ ներկայ է մայրամուտը կամ արեւածագը: Լուտերն ալ տեսնելու կարողութիւն ունի:
Կարին Հայտոսթեանը եւ Արին Պաղտոյեանը նաեւ հետաքրքրական գործեր ունէին: Կարինը աւելի մօտ էր բնութեան, իսկ Արինը` մարդ էակին:
Կարինը եւ Արինը եթէ շարունակեն իրենց այս սիրողական աշխատանքը եւ զարգացնեն, անպայման կը հասնին արհեստավարժութեան, որովհետեւ երկուքն ալ ունին տեսնելու կարողութիւն:
Ամփոփելով` պիտի ըսենք, որ շատ հետաքրքրական լուսանկարչական ցուցահանդէս մըն էր, ուր մենք դիտեցինք բնութիւնը իր զանազան ձեւերու մէջ` անտառային, անապատային, լեռնային եւ ծովեզերեայ, բայց կը պակսէր մարդ էակը:
ՎԱԶԳԷՆ ՄՈՒՂԱԼԵԱՆՍԱՆ

