Ֆրանսերէնով Բարոյախօսական Առածներու Եւ Հետաքրքրական Գիտելիքներու Թատերական Ներկայացում
Հինգշաբթի, 30 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսերէն թատերական ներկայացում մը, որուն գաղափարն ու պատրաստութիւնը կը պատկանէին վարժարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհի Ռընէ Քատտումի: Ներկայացումին մասնակցեցան 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք բեմականացուցին բարոյախօսական առածներ եւ հետաքրքրական գիտելիքներ: Հանդիսութեան ներկայ էին կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, բարեկամներ եւ աշակերտներ:
Շուրջ մէկուկէս ժամուան տեւողութեան, աշակերտները ուրախ մթնոլորտի մէջ, բեմական կարողութիւններու կողքին, ցոյց տուին ֆրանսերէնի բանաւոր արտայայտութեան մէջ իրենց վարժողական աշխատանքներուն արդիւնքը: Անոնք նաեւ ունեցան բեմական փորձառութիւն եւ արժանացան ներկաներու քաջալերանքին:
Աւելի քան մէկուկէս ժամուան ընթացքին աշակերտները թատրոնով, երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ իրականացուցին ճշդուած նպատակը` վարժողական աշխատանք կատարել ֆրանսերէնի բանաւոր արտայայտութեան, բեմ բարձրանալով` ձեռք ձգել բեմական փորձառութիւն եւ տարուած աշխատանքը ներկայացնել ծնողներուն եւ բարեկամներուն: Յայտնենք, որ այս տարուան նորութիւնը փոքր ներկայացումով մը 2-րդ դասարանի աշակերտներուն իւրայատուկ եւ հետաքրքրական մասնակցութիւնն էր` գլխաւորութեամբ առաջին եւ երկրորդ դասարաններու ուսուցչուհի Քաթիա Ռամատանի:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ մեծապէս արժեւորեց Քատտումի նուիրեալ գործունէութիւնը: Վարժարանին տնօրէնը հաստատեց, որ այս բեմական փորձառութիւնը լաւագոյն քննութիւնն է ապացուցելու, որ զոյգ դասարաններուն մէջ կ՛իրականանայ կրթական յստակ եւ սերտուած ծրագիր: Կրեկուար Գալուստ անգամ մը եւս հաստատեց, որ ուսուցչուհին իր գործունէութեամբ էապէս կատարեց իր առաքելութիւնը` նպաստելով նորահաս սերունդին զարգացման աշխատանքներուն:
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

