Երաժշտական Համերգ. Վաստակաշատ Միջազգային Տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեան Ելոյթ Ունեցաւ Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, երկուշաբթի, 27 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ` կատարողութեամբ նախկին մեսրոպեանական, վաստակաշատ միջազգային տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեանի, որ Լիբանան կը գտնուի Այնճարի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգման առիթով: Երաժշտական ունկնդրութեան ներկայ էին վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ` ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ մշակոյթը հայապահպանման կռուան մըն է, եւ նահատակներու արեամբ կերտուած հայրենիքի պահպանման էական ազդակներէն մէկն է մշակոյթը: Ր. Տեմիրճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց քլարինեթի եւ տուտուկի մէջ մասնագիտացած Համբարձում Ճապուրեանին կենսագրութիւնը:
Ան ըսաւ, որ արուեստագէտը, Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ քլարինեթի մէջ մասնագիտանալէ ետք, քաղաքացիական պատերազմի շրջանին մեկնած է Քանատա, ուր շարունակած է իր երաժշտական կրթութիւնը: Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, որ Հ. Ճապուրեան բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ արժանացած է հայ թէ օտար արուեստագէտներու գնահատանքին:
Ապա ելոյթ ունեցաւ վաստակաշատ միջազգային տուտուկահար Համբարձում Ճապուրեան, որ ներկայացուց հայկական ժողովրդական գործիք տուտուկին մասին տեղեկութիւններ: Ան նուագեց հայկական ժողովրդային ստեղծագործութիւններ եւ երաժշտական համերգը փակեց «Տլէ եաման»-ի կատարումով: Հ. Ճապուրեան նուագահանդէսին ընթացքին արժանացաւ աշակերտութեան մեծ գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանին համար պատիւ է հիւրընկալել նախկին մեսրոպեանական Հ. Ճապուրեանը, որ հայ թէ օտար բեմերուն վրայ բարձր պահած է հայութեան եւ Մեսրոպեան վարժարանին անունը: Առ ի երախտագիտութիւն Համբարձում Ճապուրեանի ազգանուէր գործունէութեան` Կրեկուար Գալուստ միջազգային արուեստագէտին նուիրեց Մեսրոպեան վարժարանի նշանակով կազմուած յուշանուէրը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

