Հարկ Է Զգուշ Ըլլալ Որոշ Սխալ Երեւոյթներէ
ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Վերջերս, երբ վեհափառ հայրապետը միաբանները իր քով հրաւիրեց հերթական միաբանական հաւաքներու ծիրին մէջ, մտահոգութեամբ անդրադարձաւ մեր կեանքին մէջ յառաջացած ու յառաջացող այնպիսի երեւոյթներու, որոնք մեզ կը հեռացնեն մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն, սրբութիւններէն ու աւանդութիւններէն:
Վեհափառ հայրապետը հպանցիկ ակնարկ մը կատարեց կարգ մը յոռի երեւոյթներու եւ թելադրեց, որ յարմար առիթներով անդրադառնանք այս մտահոգիչ երեւոյթներուն` թէ՛ մեր քարոզներուն եւ թէ՛ մեր դասախօսութիւններուն ընթացքին:
Ահաւասիկ, վեհափառ հայրապետին մտահոգութենէն մեկնելով եւ անսալով իր հայրական թելադրութեան, յառաջիկայ տողերուն մէջ կ՛ուզեմ հակիրճ կերպով անդրադառնալ կարգ մը յոռի երեւոյթներու, որոնք հարկ է որ սրբագրուին.
1) Թանկագին հայորդիներ, մեզմէ ո՞վ չի գիտեր, որ մենք աշխարհի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական մակարդակի վրայ ընդունող առաջին ազգը հանդիսացանք: Եւ մեզմէ ո՞վ չի գիտեր, որ քրիստոնէութիւնը ընդունելով` մենք զՔրիստո՛ս ընդունեցինք որպէս Տէրն ու Փրկիչը, պաշտպանն ու պահապանը մեր եկեղեցիին, մեր ազգին ու մեր հայրենիքին: Վերջապէս, մեզմէ ո՞վ չի գիտեր, որ մեր պապերը Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը չպահեցին լոկ մեր հայրենիքի սահմաններուն մէջ, այլ զայն տարածեցին շրջակայ քաղաքներուն ու երկիրներուն մէջ` հանդիսանալով երկնային լոյսին ջահակիրները տգիտութեան խաւարին մէջ խարխափող մարդկութեան կեանքին մէջ: Այսօր, սակայն, երբ կը դիտենք կեանքը մեր ազգի զաւակներուն` սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, կը նշմարենք, որ մեր կեանքին մէջ թափանցած են մեր ժողովուրդի զաւակները քրիստոնէական թէ աստուածաշնչական ջինջ ակունքներէն եւ ազգային վաւերական աւանդութիւններէն հեռացնող սովորութիւններ:
Արդարեւ, Լիբանանի մէջ հայորդիներ ունինք, որոնք գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ բախտագուշակներու եւ կախարդական ու դիւային գործերով զբաղող «արհեստավարժներու» կը դիմեն, եւ ինչո՞ւ. իրենց ապագային մասին գիտնալու, իրենց տուներուն մէջ ստեղծուած նեղութիւնները փարատելու եւ իրենց գործատեղիներուն մէջ ստեղծուած անյաջողութիւնները հեռացնելու համար, եւ ամէնէն ցաւալին ու անընդունելին, բախտագուշակի կ’երթան ԹՈՒՂԹ ընելու համար, եւ թուղթով`
ա) Երկու անձեր կեղծ սիրով իրար սիրցնելու համար, եւ կամ` երկու սիրահարներ իրարմէ բաժնելու:
բ) Մէկուն գործի «յաջողութիւն» բերելու համար, իսկ ուրիշի մը` գործերու ձախորդութիւն:
գ) Երկու անձեր իրարու հետ «հաշտեցնելու» համար, եւ կամ` իրարու հետ սիրով եղող երկու անձեր գժտեցնելու:
դ) «Թունաւորուած» կեանքէ մը ազատելու համար, եւ կամ` ուրիշի մը կեանքը թունաւորելու:
ե) Հիւանդութենէ մը «բուժուելու» համար, եւ կամ` ուրիշը հիւանդութեամբ մը կամ տագնապով մը հարուածելու:
Աստուածաշունչը խստօրէն կ՛արգիլէ ու կը դատապարտէ բախտագուշակներու եւ կախարդական ու դիւային գործերով զբաղողներուն դիմելը (Ղեւտացւոց 19.26, 20.27: Բ. Օրինաց 18.10-12, 14: Դ. Թագաւորաց 17.17, 21.6: Բ. Մնացորդաց 33.6: Թուոց 22.7: Եսայի 47. 9, 12: Եզեկիէլ 21.21-23, 29: Եսայի 2.6-12: Դանիէլ 2.2, 5.7, 15: Ա. Տիմոթէոս 4.1-2), եւ այլն:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Կիպրիանոս, Օգոստինոս, Յովհան Ոսկեբերան եւ ուրիշ բազմաթիւ հայրապետներ կը հաստատեն, որ կախարդներու դիմելը Սատանային հետ գործակցիլ ու անոր կամակատարը դառնալ կը նշանակէ: Պօղոս առաքեալ կը վկայէ, որ մենք «Աստուծոյ գործակիցներ ենք» (Ա. Կորնթացիս 3.9): Մեր ազգի սիրասուն զաւակներ, Հայ եկեղեցին ձեզ կը հրաւիրէ, որ վերադառնաք Աստուծոյ գործակցութեան եւ իրարու համար դիւային թուղթ ընելու փոխարէն` իրարու համար աղօ՛թք ընէք. ձեզ կը հրաւիրէ, որ թուղթի միջոցով զիրար Չարին ձեռքը յանձնելու փոխարէն` աղօթքի միջոցով զիրար Չարին ձեռքէն ազատէք:
2) Ուրիշ յոռի եւ ընդհանրացած երեւոյթ մըն ալ սուրճի գաւաթ «կարդալ» եւ նայիլն է: Ոմանք կրնան հարց տալ, թէ արդեօք սխա՞լ է սուրճի գաւաթ նայիլը կամ նայիլ տալը: Այո՛. սխալ է անոր համար, որ անցեալին կախարդական ու դիւային բոլոր գործերը տեղի կ՛ունենային յատուկ գաւաթներ նայելով ու «կարդալով»: Սխալ է անոր համար, որ նայողը ստիպուած կ՛ըլլայ բազմաթիւ սուտեր հնարելու` իր ունկնդիրը հաճեցնելու համար: Սխալ է, որովհետեւ ունկնդիր անձը հաւատքով մտիկ կ՛ընէ ու հաւատք կ՛ընծայէ ըսուածին: Բայց սխալ է մանաւանդ անոր համար, որ այսօր հայորդիներ ունինք, որոնք սուրճի գաւաթ «կարդացող» (քրիստոնեայ եւ իսլամ) յատուկ անձերու կ՛երթան եւ գումարներ կու տան, որպէսզի սուրճի իրենց գաւաթները «կարդացուին» եւ իրենց բացայայտուի իրենց ապագային կամ շուտով պատահելիքին մասին: Թանկագին հայորդիներ, Հայ եկեղեցին ձեզ կը հրաւիրէ, որ սուրճի գաւաթ «կարդալու» կամ «կարդալ» տալու փոխարէն` Աստուածաշո՛ւնչ կարդաք եւ նայիք թէ Աստուածաշունչը ի՛նք ինչ կ՛ըսէ ձեր ներկային, ապագային ու յաւիտենականութեան մասին:
3) Ուրիշ սխալ երեւոյթ մըն է կապար թափելու (թրքերէն` ղուրշուն) «արարողութիւնը»: Շատեր հալեցուած կապար թափել կու տան իրենց գլուխին վերեւ բռնուած ջուրով լեցուն տաշտի մը մէջ, որպէսզի իրենցմէ հեռու մնան չար աչքերը: Կապարը ջուրին մէջ նետուած ատեն թեթեւ պայթումի ձայներ կ’արձակէ բնականօրէն: Կապար թափող մարդիկը այդ ձայները լսելէ ետք, կապար թափել տուողին կ’ըսեն. «Ձեր վրայ եղող ու ձեզի նախանձող չար աչքերն են ահա, որ կը պայթին»: Սիրելինե՛ր, մեզի նախանձող չար աչքերուն պայթումը ցանկալը ինքնին կը բացայայտէ, թէ կապար թափել տալը սատանայական երեւոյթ է, որովհետեւ այս արտայայտութիւնը ուրիշը անիծելու պէս բան մըն է: Մեր Տէրը պատուիրեց օրհնել մեզ անիծողները եւ ո՛չ թէ անիծել զանոնք (Մատթէոս 5.44): Սիրելիներ, Հայ եկեղեցին ձեզ կը հրաւիրէ, որ կապար թափել տալու փոխարէն` արցունք թափէք եւ ջերմեռանդօրէն աղօթէք անոնց համար, որոնք կը նախանձին ձեզի, որպէսզի բացուին անոնց աչքերը եւ «տեսնեն փառքը Քրիստոսի, որ անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է» (Բ. Կորնթացիս 4.4):
4) Տակաւին, ունինք հայորդիներ, որոնք իրենց տուներուն դռներուն վերեւ կամ իրենց տուներուն պատերուն վրայ ձիու պայտ կը զետեղեն` հաւատալով, որ անիկա կը հեռացնէ իրենցմէ չար բախտը ու կը մօտեցնէ բարի բախտը: Բայց մեզմէ ո՞վ չի գիտեր, որ ձիու պայտերը կ՛անիծուին (իրենց բացատրութեամբ` «կ՛օրհնուին») բախտագուշակներու կողմէ, ո՛չ թէ որպէսզի բարի բախտ բերեն զայն իրենց տուներուն դռներուն վերեւ կամ տուներուն պատերուն վրայ զետեղողներուն, այլ ընդհակառակը, որպէսզի հրաւիրած ըլլան Չարը իր տիրապետութիւնը հաստատելու իրենց կեանքին մէջ: Հայ եկեղեցին ձեզ կը հրաւիրէ, որ ձեր տուներուն մէջ ձիու պայտ զետեղելու փոխարէն` սրբապատկերնե՛ր զետեղէք, որպէսզի սուրբերը իրենց բարեխօսութեամբ օրհնեն ձեզ ու ձեր տուները, ամէն տեսակի բարի նուէրներով ու կատարեալ պարգեւներով, որոնք «կու գան երկինքէն, Հօր Աստուծմէ, որ լոյսի արարիչն է, որուն կամքը անփոփոխ է, անդառնալի եւ անստուեր» (Յակոբոս 1.17):
5) Դարձեալ, կարգ մը հայորդիներ իրենց նորածին մանուկներուն վրայ, ինքնաշարժներուն, գործատեղիներուն ու տուներուն մէջ եւ տուներուն դռներուն վրայ կամ դռներուն վերեւ «կապոյտ աչք» ու կապոյտ հլուններ կը դնեն` հաւատալով, որ անոնք կը հեռացնեն իրենցմէ չար աչքն ու չար նախանձը, հիւանդութիւններն ու անակնկալ պատահարները: Սիրելինե՛ր, «կապոյտ աչքը» ինչպէ՞ս կրնայ մեզ չար աչքէն փրկել, երբ ինք չար աչք մըն է ու Չարին աչքը: Արդարեւ, «կապոյտ աչքը» Սատանային աչքն է, որ կը հսկէ զայն կախողին վրայ: Քրիստոնեայ մարդուն վրայ հսկող աչքը Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչի նշանն է:
Երբեմն կը տեսնենք, որ մարդիկ «կապոյտ աչքն» ու խաչի նշանը քով-քովի դրած կ’ըլլան: Ասիկա մեր Տիրոջ ուղղուած անարգանք մըն է: «Կապոյտ աչքն» ու Տիրոջ խաչի նշանը քով-քովի դնել` կը նշանակէ իրարու հաւասար նկատել Սատանան ու Քրիստոսը եւ անոնց զօրութիւնը: Դո՛ւք ըսէք, հաւասա՞ր են իրարու մեզ կործանելու համար մեր վրայ դրուող «կապոյտ աչքն» ու մեզ կործանումէ փրկելու համար մեր վրայ հսկող Տիրոջ աչքը` խաչը: Քրիստոսի խաչակից դարձած հայ ազգի զաւակներ, Հայ եկեղեցին ձեզ կը հրաւիրէ, որ «կապոյտ աչքի» ու կապոյտ հլուններու փոխարէն` Տիրոջ խաչի նշանը զետեղէք ամէնուրեք, որովհետեւ ա՛ն է ձեր պաշտպանը դիւային ամէն տեսակի զօրութիւններու դէմ:
6) Վերջապէս, ունինք կարգ մը հայորդիներ, որոնք կը դիմեն ոգեհարցներու, որպէսզի կանչել տան իրենց մէկ մեռելի հոգին, որոշ բաներ իմանալու համար անկէ` մասնաւոր անձերու կամ իրենց ապագային մասին: Կարեւոր է գիտնալ, որ ո՛չ մէկ մեռելի հոգի կրնայ այս աշխարհ կանչուիլ կամ բերուիլ ոգեհարցի մը կողմէ (Ղուկաս 16.26): Այն հոգիները, որոնք մեր ննջեցեալներուն պատկերով կը յայտնուին, խորքին մէջ դեւերն են, այլ խօսքով` պիղծ ոգիներն են, որոնք կը կազմեն անկեալ քերովբէին արբանեակները (Մատթէոս 25.41: Յայտնութիւն 12.7): Աստուածաշունչը կ՛արգիլէ ոգեհարցութիւնը (Բ. Օրինաց 18.11: Ա. Թագաւորաց 28.8: Եսայի 8.19): Հայ Եկեղեցին ձեզ կը հրաւիրէ, որ մեռելներու հոգիները կանչելու փոխարէն` մեղքի մէջ մեռածները կենդանացնող Սուրբ Հոգի՛ն կանչէք, որպէսզի նորոգուի կեանքը մեր ազգի զաւակներուն, եւ միշտ մնանք ջահակիրները երկնային լոյսին` մեղքով պատուած այս աշխարհին մէջ:

