ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՏԵՂԱԿԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ

Նախագահ Սլէյման եւ Ռաշետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Քուէյթի կառավարութեան մէջ պետական նախարար Ալի Ֆահըտ Ռաշետը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Աալ Քանայիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռաշետ նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Սապահ Ահմետ Սապահի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանման եւ բարգաւաճման իմաստով անոր բարեմաղթութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Տար էլ Ֆաթուայի օրինական հարցերու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Խալտուն Օրայմեթը, որ նախագահը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու միւֆթի Հասան Խալետի սպանութեան տարելիցին առիթով տեղի ունենալիք յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկին:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Աքքարի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց շրջանին կարիքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES