ՇԻՊԱՆԻ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԻՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Վարչապետ Միքաթի եւ Շիպանի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Մոհամետ Ռիտա Շիպանի անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ իր տեսակցութիւնները, որոնց ծիրին մէջ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Շիպանի այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումները:

Շիպանի այցելեց նաեւ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան – իրանեան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի հաստատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները պահպանելու եւ բոլոր մարզերուն մէջ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետը հաստատեց նաեւ, որ հարկ է գործադրել Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները, յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին տնտեսական բարգաւաճման:

Հանդիպումէն ետք Շիպանի ընդգծեց, որ քննարկուած են Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած 25 համաձայնագիրները գործադրելու հեռանկարները:

Շիպանի յաջողութիւն մաղթեց Միքաթիին` կառավարութիւնը կազմելու առումով իր ստանձնած ազգային մեծ պատասխանատուութեան համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանին մաղթեց յարատեւ կայունութիւն եւ բարգաւաճում:

Շիպանի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի, որուն հետ հանդիպում ունենալէ ետք յայտնեց, որ Թեհրան կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանցի պաշտօնատարներուն` արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` Շիպանի յայտնեց, որ Իսրայէլ բնականաբար ազատ պիտի չձգէ այն երկիրները, որոնք կը զօրակցին Դիմադրութեան շարժումներուն: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ իմաստուն ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ երկխօսութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել սուրիացիներուն բոլոր պահանջները եւ Դամասկոս տապալած պիտի ըլլայ իրեն դէմ նիւթուած ամերիկեան- սիոնական դաւադրութիւնը, որ զինք եւ Դիմադրութեան զօրակից բոլոր երկիրները թիրախ կը դարձնէ:

Ակնարկելով շրջանին մէջ թրքական դերակատարութեան` Շիպանի շեշտեց, որ իր կարծիքով, Թուրքիա կրնայ աւելի դրական դերակատարութիւն ունենալ:

Իր կարգին, Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ որեւէ հարուած, շրջանին մէջ իրարանցում եւ քաոս պիտի պատճառէ: «Պէտք է լաւ ըմբռնել, թէ Սուրիոյ պաշտպանութեան փութալը պայման է` Իսրայէլի ընդդիմադիր բոլոր երկիրներուն կողմէ», ըսաւ ան:

Ուահապ աւելցուց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի եւ պիտի զօրակցի Դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ պիտի կասեցնէ Միջազգային դատական ատեանին հետ իր գործունէութիւնը, եթէ այդ ատեանը կը միտի լիբանանեան որոշ կողմեր թիրախ դարձնել:

Շիպանի այցելեց նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, որուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց յատկապէս այս հանգրուանին միջիսլամական միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Շիպանի այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց արաբական աշխարհին վկայած յեղափոխութիւններն ու անոնց մասին միջազգային կեցուածքները:

Շիպանի այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի:

ՔԱՊԱԼԱՆԻ ՄՕՏ

Հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպման ընթացքին

Շիպանի այցելեց նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի եւ միւֆթի Ահմետ Քապալանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

Շէյխ Քապալան դրուատեց Իրանի դերակատարութիւնը` շրջանին մէջ սիոնական ծրագիրներուն դէմ պայքարելու առումով` ընդգծելով, որ շրջանի ժողովուրդները պէտք է զօրակցին Իրանի կեցուածքներուն` պաղեստինեան հարցի պաշտպանութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու առնչութեամբ:

Շէյխ Քապալան նկատել տուաւ, որ իսլամական միասնականութեան ամրապնդումը անհրաժեշտ է, որպէսզի արաբ ժողովուրդը կարենայ փրկուիլ իր դէմ նախապատրաստուող բոլոր սադրանքներէն, որոնք կը միտին տկարացնել արաբ ազգը եւ երկփեղկել իսլամները:

Իր կարգին, Շիպանի ըսաւ, որ Թեհրան բարձր կը գնահատէ շէյխ Քապալանի կեցուածքները, ինչպէս նաեւ կը գնահատէ համաիսլամական հզօրութիւնը պահպանելու առումով անոր տեսակէտները:

Շիպանի նշեց, որ ինք Քապալանի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւններուն մասին իրանցի պատասխանատուներուն տեսակէտները` շեշտելով, որ պէտք է ամրապնդել իսլամական միասնականութիւնը զօրացնելու բոլոր ջանքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել արաբական աշխարհին դէմ սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն:

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին ընդունեց իրանցի պատասխանատուն եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:

Շիպանի շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը անոր ընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Իրան կը յարգէ Պքերքէն եւ շրջանին ու յատկապէս Լիբանանի մէջ անոր ունեցած դերակատարութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ մեկնելով Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր վեհաժողովէն, ինք կը փափաքի, որ Միջին Արեւելքի մակարդակին վրայ ամբողջական խորհրդաժողով մը տեղի ունենայ` ընդգծելու համար ամբողջ շրջանին մէջ իսլամ- քրիստոնեայ համակեցութեան կարեւորութիւնը:

Շիպանի իր կարգին շեշտեց, որ մերժելի են բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ եկուորներ են` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ կան այնպիսի հնութիւններ եւ քրիստոնէական սրբավայրեր, որոնք երկու հազար տարուան պատմութիւն ունին:

Շիպանի դրուատեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքները` շեշտելով, որ Իրան ամէն գնով պատրաստ է նեցուկ կանգնելու անոր` Միջին Արեւելքի մակարդակով հոգեւոր վեհաժողով մը կազմակերպելու նախաձեռնութեան իրականացման առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES