ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՌՆԿՈՒՄՆԵՐԸ` ՓՈԽԵԼՈՒ ԵՒ ՓՈԽՈՒԵԼՈՒ ԹՌԻՉՔ

Կարմիր ծովէն, Ծոցի երկիրներէն մինչեւ Ատլանտեան, արաբական աշխարհը փոխելու եւ փոխուելու բռնկում ունեցաւ: Կը շարունակուի ալիքը: Հանդիսատես եղանք: Պատմութիւնը մարդոցմով կը գրուի եւ ապրողներուն ու սերունդներուն համար կը դառնայ իմաստութեան գիրք, ուր անոնք կը գտնեն առաքինութեան դասեր:

Ի հարկէ, մեզմէ իւրաքանչիւրը դէպքերը կը դիտէ եւ կը դատէ ըստ իր խառնուածքին, կենսափորձին, հետաքրքրութիւներուն: Ի՞նչ հասարակաց գիծեր կան անտառային հրդեհի պէս ծաւալած եւ դեռ չաւարտած այդ յեղափոխութիւնեներուն միջեւ: Ո՞ր հիմնական եւ հիմնարար գաղափարներուն շուրջ կրցան զիրար լսել, գտնել մարդիկ: Այս հարցումները ստացուած, եւ կրկնուող, լուրերէն աւելին կը բերեն հանդիսատեսներուն, անոնք ըլլան այդ երկիրներու բնակիչներ կամ շրջանէն հեռու ապրողներ:

Այդ հարցումները ճամբայ կրնան ցոյց տալ նաեւ այն երկիրներուն, որոնք այսօր կայուն են կամ կը համարուին, բայց այդ չի նշանակեր, որ անոնք զերծ են հակասութիւններէ, որոնք այսօր պայթիւնավտանգ չեն, բայց վաղը կրնան ըլլալ:

Ի հարկէ անտեղի յաւակնութիւն պիտի ըլլար միաժամանակ տեսնել բոլոր հակասութիւնները, եւ միաժամանակ խօսիլ անոնց մասին, մանաւանդ որ անոնք կրնան փոխուիլ մէկ երկրէ միւսը, եւ նկատի չունիմ միայն արաբական աշխարհը: Բայց կարելի է առանձնացնել կարգ մը ընդհանրութիւններ եւ խորհրդածել:

Ամէն ոք կը խօսի ժողովրդավարութեան մասին, այդ ճառը կը տպաւորէ: Բայց երբեմն հարց պէտք է տալ, թէ իրապէս այդ ճառի ետին կա՞յ ցանկացուած ժողովրդավարութիւնը: Խորհրդային Միութիւնը եւս կը կազմակերպէր «ընտրութիւններ», բայց ընտրելիները եւ ընտրուածները նախապէս որոշուած կ՛ըլլային: Լիահագագ այդ մասին խօսողներ երբեմն իրենք եւ իրենց անմիջական շրջապատը դիտելու եւ դատելու քաջութիւն պէտք է ցուցաբերեն: Այդ ստապատիր ժողովրդավարութեան բառային ծիծաղելիութիւնը նուաճուեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, երբ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ստեղծուեցան միակուսակցական բռանտիրութեամբ յատկանշուող վարչաձեւեր, զորս կոչեցին ,ժողովրդական ժողովրդավարութիւններ»: Երկու անգամ երաշխաւորուող… իր ազատ կամքէն զրկուած ժողովուրդով: Այդ դրութեան մէջ, «երէց եղբօր» օրինակով, իշխանաւորներ կը յաւերժանային:

Յետապագաղութարարութեան շրջանին նորանկախ երկիրները եւս խրեցան կեղծ ժողովրդավարութեան ճահիճին մէջ, իշխանաւորներ փարեցան աթոռներու, տասնապետներ դարձան կայսր, մշակուեցաւ նախախնամական եւ անփոխարինելի ըլլալու անհիմն վարդապետութիւնը, մինչեւ որ ուրիշ անփոխարինելիներ տիրանան իշխանութեան: Արաբական աշխարհին մէջ, Ծայրագոյն Արեւելք, Լատինական Ամերիկա, իշխանութեան տիրանալու եւ հոն յաւերժանալու ընթացքը աւեր գործեց: Դրամատիրական երկիրներու մէջ ժողովրդավարութեան դիմակի ետին յաճախ կը կանգնի դրամի հզօրութիւնը: Ասկէ առաջ ըսած եմ, որ, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ համալսարանի հռչակաւոր տնտեսագէտը նախագահ դառնալու յոյս չի կրնար ունենալ, եթէ զուրկ է դրամի հզօր նեցուկէն. մինչ անդին, միլիառատէր մը այդ յաւակնութիւնը կ՛ունենայ:

Ժողովրդավարութեան այս նսեմացման վրայ հարկ է աւելցնել իշխանութեան հասնելու ժառանգական-աւատապետական իրաւունքները, «ծննդեան իրաւունք»ով, զոր ֆրանսացիները կը կոչեն ne՛potisme: Դեռ քանի մը տարի առաջ ֆիլիփփինցի կին երեսփոխան մը, օրէնքի նախագիծ ներկայացուց, որպէսզի արգիլուի նոյն քաղաքին կամ շրջանին մէջ զաւկին կամ ընտանիքի անդամին յաջորդել քաղաքապետին, երեսփոխանին եւ այլն: Այս օրէնքը եթէ մշակուի եւ ընդունուի ամէնէն աւելի ժողովրդավար համարուած երկիրներուն մէջ, բարիք կ՛ըլլայ, ժողովրդավարութիւնը կ՛ըլլայ իրապէս կենսունակ, հերթափոխութիւնը` բնական եւ թարմացնող:

Ժողովրդավարութեան դէմ ոճիր կը գործուի, երբ իշխանաւորը կը յաւերժանայ իր դիրքին վրայ, նոյնիսկ` սարքելով ժողովրդավարական բեմադրութիւն: Արաբական աշխարհի պոռթկումը պէտք է տեսնել նաեւ իշխանութիւններու յաւերժացման ձգտումի մերժումով: Նախախնամական կամ անփոխարինելի ըլլալու առասպելը կը վերածուի ընտանեկան իրաւունքի, ժառանգութեան, որ նոր դիմակով շարունակուող աւատապետութիւնն է: Իսկական ժողովրդավարութեան թշնամին:

Արաբական աշխարհը պիտի յաջողի՞ Հարաւային Ափրիկէի Նելսըն Մանտելայի կամ Պրազիլի նախագահ Լուլա տա Սիլվայի օրինակին հետեւելով իշխանափոխութիւն իրականացնել` առանց բանակայիններու քմայքին եւ փառասիրութիւններուն յանձնուելու, այսինքն, արաբական աշխարհը զանազան շահախնդրութիւններէ, կիրքերէ եւ մոլեռանդութիւններէ դուրս գալով, պիտի ընդունի՞ կրօնական եւ ինքնաշնորհուած իրաւունքներէ վեր դասուող օրէնքին գերակայութիւնը:

Հանդիսատես եւ ունկնդիր ժամանակակից պատմութեան, հայ ժողովուրդը եւս, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, քաղաքական եւ կազմակերպական իմաստութիւն պիտի քաղէ՞ այլոց ապրած փորձէն: Հայկական ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն հերթափոխութիւնը հարկ է սահմանել ժամանակի մէջ, առանց բացառութեան: Խօսիլ բացառութիւններու առարկութեամբ, կը յառաջացնէ նախախնամական կամ անփոխարինելի ըլլալու առասպելը, որուն հետեւանքը կ՛ըլլայ ճահճացումը, եւ անոր բնական հետեւանք` պոռթկումը:

Արաբական աշխարհի բռնկումները չեն սահմանափակուիր աշխարհագրական գօտիով մը: Այսօր այդ գօտին է բռնկումներու կիզակէտը: Ընկերային, մարդկային, իմաստասիրական, օրէնքի նոյն պատճառները անպայման ծնունդ կու տան նոր բռնկումներու: Երկինքի տակ կիզակէտ կը փոխուի:

Քաղաքականութեան համար կ՛ըսեն, որ ան նախատեսելու արուեստն է:

Մարդկայնութիւն եւ իմաստութիւն կը թելադրեն խնայել աւեր եւ կեանքեր:

Ամէնուրեք, իրաւ ղեկավարութիւնը երբ գիտնայ լսել, դիտել, հասկնալ, եւ ըստ այնմ առաջնորդել եւ առաջնորդուիլ, կ՛արժանանայ ժամանակակիցներու եւ պատմութեան անշպար գնահատանքին:

Արաբական աշխարհի բռնկումները ուսանելի կ՛ըլլա՞ն…

Մեծերուն եւ նուազ մեծերուն…

Երբ հերթափոխութիւնը իմաստութեամբ չ՛իրականանար, հարկ է զայն սահմանել օրէնքով, որպէսզի խնայուին պոռթկումները, ըմբոստութիւնները, եւ մանաւանդ մարդիկ չփորձուին անփոխարինելութեան առասպել հիւսել: Ֆրանսացին կ՛ըսէ, որ գերեզմանատուները լեցուն են  անփոխարինելիներով…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

17 մայիս 2011

 

 

Share this Article
CATEGORIES