Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Երուսաղէմի Հայոց Նորընտիր Պատրիարքի Գահակալութեան

Երուսաղէմի հայոց նորընտիր պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի 4 յունիսին:

Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, գահակալութեան հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը ողջոյնի եւ օրհնութեան յատուկ գիր մը ուղղած է նորընտիր պատրիարք սրբազանին:

Share this Article
CATEGORIES