ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Ցուցահանդէսը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ցուցահանդէս մը` ոչ սովորական: Գեղանկարչական կամ գիրքերու ցուցահանդէս մը չէ այս, ոչ ալ տարազներու կամ այլ կարգի: Ցուցահանդէս, որ հայոց ժամանակակից պատմութիւն կ՛ընդգրկէ, վաւերագրական փաստարկումներու ապացոյց: Նաեւ մեր նուիրեալ երիտասարդներու հաւատամքին յայտնաբերումը:

Անոնք, որոնք լսեցին կամ կարդացին յիշեալ ցուցահանդէսին ծանուցումները մամուլով կամ լսատեսողական միջոցներով, հետաքրքրական կամ նոյն ատեն սովորական ձեռնարկ մը կրնան նկատել: Տեսնել ու հաստատել 98-ամեայ այս միութեան ժառանգութիւնը եւ կտակը պահած մեր երիտասարդ սերունդին աշխատանքը, նուիրումը յանուն ազգապահպանման, մեր անմոռանալի արժէքներու պահպանման, տարբեր տրամադրութիւն է, հոգեթով եւ յուսադրիչ:

Կը շրջինք ճաշակով եւ կարգ ու կանոնով պատրաստուած ցուցադրուած գիրքերու, արխիւներու, 1970-ական եւ աւելի առաջ թուականներուն կազմակերպուած հանդիսութիւններուն հրաւիրատոմսերը (միշտ զաւարեանական նախաձեռնութեամբ), յուշագրական գրութիւններ, նամակներ, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր եւ ղեկավար դէմքերու երկեր, Քրիստափոր Միքայէլեանի միտքերէն մինչեւ Խատիսեանի յուշերը, հատորներ, որոնց ի տես հիացում մը կը զգաս:

Հետաքրքրական էին նաեւ ոչ հայերէն ամսաթերթերու, զաւարեանական օտարալեզու հրատարակութիւնները. արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, «Զաւարեան Ռիվիուն» եւ միւսները: Եղած են ժամանակներ մեր մօտիկ անցեալին, նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, որ այս ջերմեռանդ ազգասէր տղաքն ու աղջիկները լիբանանցի դէմքեր հրաւիրած են յատուկ հանդիսութիւններու:

Ուշադիր հետեւողականութեամբ համատեղուած արխիւ, ուր կը յայտնաբերուին հեռու եւ մօտիկ անցեալէն փոխանցուած իրագործումներ:

ԶՈՄ-ը ունի իր համացանցի կայքէջը: Պատրաստած է նաեւ իր կողմէ հրատարակուած յուշագրական թէ պատմագիտական հատորներուն խտասալիկը (Սի. Տի.): Այս կապակցութեամբ հարցումներ կ՛ուղղեմ ԶՈՄ-ի ատենապետ Տօնիկ Տօնապետեանին, որ բացատրութիւններ կու տայ իւրաքանչիւր իրի, գիրքի, նամակներու մասին, որոնց մէջ յուզիչ վկայութիւն մըն է Ղարաբաղի մէջ մատաղ տարիքին նահատակուած Մհեր Ջուլհաճեանի նամակը, նախքան Ղարաբաղ մեկնումը իբրեւ ազատամարտիկ: Տօնիկին լրջութիւնը վարակիչ է, հաւատք ունի իր ԳՈՐԾԻՆ նկատմամբ: Կը դիտենք ցուցադրուած այնքան խօսուն գրականութիւնը, որ գաղափարի պաշտամունքի լրջութիւն ունի, ինչ որ պատգամ մըն է ինքնին: Կը մեկնաբանեմ իր կեցուածքը մտովի: Եթէ նման երիտասարդներ ունինք, որքան ալ քիչ ըլլայ անոնց թիւը, ՀԱՅԸ կ՛ապրի: Իրաւունք չունինք մեր երիտասարդ սերունդը անտեսելու, բոլորը «մէկ ջուրով լուալու», ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: Պէտք չէ մոռնալ երբեք, որ ժողովուրդը առաջնորդողը նոյն ժողովուրդին փոքրամասնութիւնն է, այն ՔԻՉԸ, որուն կ՛ապաւինինք: ԶՈՄ-ի մշակութային արժէքներու պահպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսը այս պատգամը փոխանցեց ինծի, վստահ եմ նաեւ անոնց, որոնք դիտեցին, տեսան ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ցուցահանդէսը:

Ապրի՛ք տղաք:

 

Share this Article
CATEGORIES