Սուրիական Ընդդիմութեան Զէնք Ուղարկելու Որոշումը Ժընեւի Խորհրդաժողովի Արդիւնքներէն Կախուած Է» Կ՛ըսէ Հէյկ
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ «Բրիտանիա սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու հարցով որոշում մը պիտի որդեգրէ միայն Ժընեւի մէջ նախատեսուած Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովէն ետք»` աւելցնելով, որ «կարելի եղածին չափ շուտ քաղաքական լուծում մը կ՛ուզենք»:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «տագնապը կրնայ ամիսներ, մինչեւ իսկ տարիներ շարունակուիլ»` աւելցնելով, որ «կացութիւնը յստակ կերպով կը վատթարանայ եւ շրջանի կայունութիւնը կը վտանգէ, եւ Մոսկուա, Ուաշինկթըն, Լոնտոն, Փարիզ եւ Պերլին ատիկա կը տեսնեն»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովէն առաջ սուրիական ընդդիմութեան վրայ անհրաժեշտ ձեւով չեն ազդեր, որպէսզի արգելք հանդիսանան, որ ընդդիմութիւնը նախապայմաններ պարտադրէ, որովհետեւ արտասահմանի սուրիական ընդդիմութեան խմբաւորումներուն մեծամասնութեան գլխաւոր պայմանը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումն է, բան մը, որ անընդունելի է եւ այդ հիմամբ կարելի չէ համաձայնութիւն գոյացնել»:
Անդրադառնալով Իրանը խորհրդաժողովին հրաւիրելու շուրջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց` Ռիապքով ըսաւ, որ «այս հարցը մինչեւ հիմա առկախ է, սակայն առանց Իրանի կարելի չէ ազդու յաջողութեան հասնիլ»:
Իսրայէլ Կը Սպառնայ Սուրիայէն Հըզպալլային
Զէնքեր Փոխադրող Բեռնակառքերը Հարուածել
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտարարեց, որ «Իսրայէլ մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ ռուսական «Էս-300» հակաօդային արդիական հրթիռներ ստանալու կարելիութեան»` սպառնալով «հարուածել Սուրիայէն Հըզպալլային որեւէ զէնք փոխադրող բեռնակառքերը»:
Եաալոն վստահեցուց, որ «Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պիտի չմիջամտէ, այնքան ատեն որ անիկա չի վերաբերիր մեր շահերուն, որոնց շարքին են Հըզպալլայի արդիական զէնքերու, հրթիռներու կամ քիմիական զէնքերու փոխանցումը, եւ այնքան ատեն որ ճակատի կացութիւնը չի վատթարանար»:
Միւս կողմէ, ապահովական գետնի վրայ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտարարած է, որ Սուրիոյ բանակը կիրակի օր վերատիրացած է Համայի հիւսիսային շրջաններուն մէջ գտնուող 13 գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու:


