«Ազրպէյճանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Յարաբերութիւնները Սովորական Դիւանագիտական Յարաբերութիւններէն Վեր Են» Կ՛ըսէ Մամետեարով

Էլմար Մամետեարով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի հրէական կոմիտէի տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ ունին սերտ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ, որոնք աւելին են, քան սովորական դիւանագիտական յարաբերութիւնները»:

Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան երկիր մըն է, ուր տարիներ շարունակ խաղաղ համագոյակցած են հրեաներն ու իսլամները: «Մեծ մասամբ իսլամ բնակչութիւն ունեցող Ազրպէյճան հակասեմականութեան պատմութիւն չունի եւ այսօր 35 հազար հրեայի տուն կը նկատուի», նշած է Մամետեարով:

ԱՓԱ կը նշէ, որ Ամերիկայի հրէական կոմիտէի ընդհանուր ժողովին կը մասնակցին աւելի քան 60 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Ժողովին ընթացքին քննարկումի հիմնական նիւթերն են` «Արաբական գարնան» ազդեցութիւնը, ներգաղթը, օտար հասարակութիւններու մէջ համարկուելու եւ օտար ափերու մէջ ինքնութիւնը պահպանելու հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES