«Հարաւային Կովկասի Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Հարցը Մեզի Համար Ուժանիւթի Նախագիծերէն Կարեւոր Է» Ըսած Է Մոռնինկսթար

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար ըսած է, թէ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ ուժանիւթային նշանակութեան մասին կարծիքները չափազանցուած են»:

Դեսպանը աւելցուցած է, որ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման հարցը Ուաշինկթընի համար աւելի կարեւոր է: «Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դերը դէպի Արեւմուտք ուժանիւթի մատակարարման աղբիւրներու եւ ուղիներու բազմազանեցման եւ համաշխարհային ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ հետզհետէ կ՛աճի: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ ուժանիւթի դերը պէտք չէ չափազանցել… Մենք հանդէս կու գանք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման օգտին, ինչ որ սակայն ուժանիւթի նախագիծերու հետ կապ չունի: Մենք շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման հարցերը ուժանիւթի ծրագիրներու իրականացումէն վեր կը դասենք», նշած է ան:

Share this Article
CATEGORIES