Վենեզուելա Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու

Ռուսական «rosblat.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարար Էլիաս Խաուա վենեզուելական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Քարաքաս պատրաստ է Ուաշինկթընի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկսելու եւ կարգաւորելու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը:

«Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստ ենք, եւ առաջին քայլը պէտք է բարձր մակարդակով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու վերականգնումը ըլլայ», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ 2010-էն ի վեր երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը պահպանուին գործավարներու մակարդակով:

Միացեալ Նահանգներ մերժած էին Քարաքասի մէջ իրենց դեսպան Լարի Փալմըրի թեկնածութիւնը փոխել, հակառակ անոր որ Քարաքաս մերժած էր զինք ընդունիլ: Ատոր պատճառը եղած է Վենեզուելայի զօրքերու մարտական ոչ բարձր ոգիին մասին Փալմըրի յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի քննադատութիւնը այն մասին, թէ Վենեզուելա բաւական արդիւնաւէտօրէն չի պայքարիր թմրեցուցիչներուն դէմ:

Վենեզուելայի նորընտիր նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ 24 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր հաւատարմատար նշանակած էր` յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը կը սկսի:

 

Share this Article
CATEGORIES