Ըստ Հարցախոյզի Մը Բրիտանիոյ Բնակչութեան Կէսը Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալուն Թեր Կրնայ Քուէարկել
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ բնակչութեան գրեթէ կէսը համամիտ է, որ իրենց երկիրը դուրս գայ Եւրոպական Միութենէն:
Օրաթերթին կատարած հարցախոյզին իբրեւ արդիւնք հարցախոյզի մասնակիցներուն 46 առ հարիւրը «կ՛արժէ՞ արդեօք, որ Բրիտանիա շարունակէ Եւրոպական Միութեան անդամ մնալ» հարցումին բացասական պատասխան տուած է, իսկ 30 առ հարիւրը` դրական:
Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 2017-ի վերջաւորութեան, եթէ Պահպանողական կուսակցութիւնը 2015-ի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէ:
Բրիտանացիներուն միայն 29 առ հարիւրը այդ հարցով հանրաքուէ կատարելու համար չորս տարի եւս սպասելուն համաձայն է, իսկ մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ այժմէն իսկ այդ մէկը կատարել:
Ըստ Բրիտանիոյ մէջ որոշ շրջանակներու, Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը վնաս կը հասցնէ երկրի տնտեսութեան:

