Կիպրոս Մտադիր Է Տարածքներու Պաշտպանութեան Համար Երկու Նաւ Ձեռք Բերել

Ֆոթիս Ֆոթիու

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Ֆոթիս Ֆոթիու յայտարարած է, որ Կիպրոս մտադիր է երկու մարտանաւ գնել` իր նաւատորմիղի հզօրացման եւ Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիի պաշտպանութեան համար:

Ֆոթիու յայտնած է, որ հակառակ տնտեսական ծանր իրավիճակին, Կիպրոս ձեւեր կը փնտռէ իր պաշտպանութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներու, մասնաւորաբար Իսրայէլի հետ ռազմավարական դաշինք կնքելու համար:

Ըստ անոր, շրջանին մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները կը պահանջեն համագործակցութեան սկսիլ նաեւ Յունաստանի հետ:

Share this Article
CATEGORIES