Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ երկու դատաւորներ փոխանցուած են կարգապահական խորհուրդ, իսկ երրորդ մը իր աշխատանքէն դադրեցուած է` թմրեցուցիչի հարցով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Միխայել Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը 17 ամիսով երկարաձգելու ոչ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան կռնակէն հարուածելու օրերը վերջ գտած են:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենք կը փափաքին կազմել չէզոք կառավարութիւն մը, որ Հըզպալլայի հրահանգներուն ենթակայ չէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու համար անհրաժեշտ է համախոհութիւն գոյացնել, որովհետեւ Լիբանանի մէջ հիմնական մտավախութիւնը ապահովական կացութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ բանակը Ալէյի մէջ ձերբակալած է երեք լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ, որոնք ծրագրած էին առեւանգել այլ սուրիացի մը:

ԺԻՊԷՅԼԻ Մասթիթա շրջանին մէջ գտնուած են պայթելու անատակ երկու հրասանդներ:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր 12 հոգի ամբաստանեց` Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսելու յանցանքով:

ԻՄԱՄ Խումէյնիի մահուան 24-րդ տարելիցին առիթով Լիբանանի իրանեան դեսպանատունը կազմակերպեց յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել ազգային երկխօսութեամբ եւ օտար միջամտութիւններուն մերժումով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանէն դէպի Սուրիա զէնքի եւ զինամթերքի, ինչպէս նաեւ զինեալներու ուղարկման:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալ հոսանքի առաջնորդներէն խնդրեց օժանդակել վարչապետ Թամմամ Սալամին` կառավարութեան կազմութեան անոր առաքելութեան մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Ռիատ մտահոգ է Լիբանանի մէջ ներքին սադրանքներու բռնկումին հաւանականութեամբ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ չափաւորականութեան:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, այս հանգրուանին Հըզպալլա կ՛ենթարկուի տեղեկատուական ամէնէն վայրագ յարձակումներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ եւ իրականացնելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէպքերուն Հըզպալլայի մասնակցութիւնը հետզհետէ կը սրէ Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES