Ապպաս Իպրահիմ-Քոնելլի Հանդիպում
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Քոնելլի վերահաստատած է լիբանանեան ապահովական ուժերուն նկատմամբ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատած է, որ Լիբանանի մէջ կարգ ու կանոնը եւ հանդարտութիւնը պէտք է պահպանուին` ապահովելու համար երկրին սահմանները:
Քոնելլի կոչ ուղղեց յարգելու «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, ամէն ջանք ի գործ դնելու` պահպանելու համար երկրին ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլելու լիբանանցի մարտիկներուն Սուրիա մուտքը:
Քոնելլի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ առեւանգումի իրականութիւնը եւ շեշտեց, որ պէտք է ազատ արձակել Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները:
Քոնելլի ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանին:


