«Կը Մերժենք Սուրիոյ Բախումներուն Հըզպալլայի Կամ Լիբանանեան Որեւէ Այլ Խմբաւորումի Մասնակցութիւնը» Շեշտեց Սինիորա

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Սայտայի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը չարեաց փոքրագոյնն է` աւելցնելով, որ իրենք երբեք չեն ծրագրած այդ մէկը, սակայն ստիպուած եղած են այդ որոշումին հաւանութիւն տալու` նկատի ունենալով երկրին ապահովական իրավիճակը:

Սինիորա հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի դիմադրէ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան փոխադրելու միտող բոլոր փորձերուն:

Սինիորա մերժեց երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստող եւ Լիբանանը դէպի անիշխանութիւն մղող բոլոր քայլերը:

Ան ըսաւ նաեւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ Սուրիոյ բախումներուն Հըզպալլայի կամ լիբանանեան որեւէ այլ խմբաւորումի մասնակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES