Ճաշկերոյթ` Ի Պատիւ Ռումանիոյ Տնտեսութեան Եւ Արտաքին Առեւտուրի Նախարար Վարուժան Ոսկանեանի

Ռումանիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Վարուժան Ոսկանեան երէկ կէսօրին ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանցի գործատէրերու համախմբումին: Ներկայ եղան արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ալի Պեզզի, Այուպ Հըմայէտ եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին նախարար Ոսկանեան լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանան – Ռումանիա տնտեսական յարաբերութեանց խորացման անհրաժեշտութեան եւ նոր հորիզոններ ու մարզեր որոնելու կարեւորութեան:

Նախարար Ոսկանեան իր խօսքի ընթացքին ըսաւ. «Ես ռումանացի նախարար եմ հայկական ծագումով եւ հպարտ եմ հայկական պատկանելիութեամբս: Տնտեսութեան նախարարութեան իմ գրասենեակիս մէջ, ռումանական դրօշին կողքին հայկական դրօշակն ալ իր տեղը ունի, որովհետեւ չեմ ուզեր իմ ծագումս ուրանալ: Չես կրնար ծառայել քու երկրիդ, երբ կուրանաս ծագումդ»: Ան աւելցուց. «Իբրեւ հայ կարեւորութեամբ կը շեշտեմ, որ Հայաստանէն դուրս Լիբանանը հայութեան երկրորդ հայրենիքն է, ուր հայութիւնը անվիճելի դերակատարութիւն ունի երկրի տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին մէջ եւ կը կազմէ Լիբանանի խճապատկերին մէկ կարեւոր բաժինը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES