Ազգային Ազատ Հոսանքը Վիճարկեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Որոշումը
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը երէկ Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը վիճարկելու իր դիմումը:
Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ յայտնեց, թէ իրենք իրենց պարտականութիւնը կատարած են եւ վիճարկումը ներկայացուցած` հիմնուելով ազգային եւ սահմանադրական սկզբունքներու վրայ:
«Սահմանադրական խորհուրդին յաջողութիւն մաղթեցինք` նկատի ունենալով, որ ան ստանձնած է պատմական պարտականութիւն մը», ըսաւ ան:
Քանաան ջրեց այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանան անյաղթահարելի պայմաններ կը դիմագրաւէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

