Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ոսկանեանը Եւ Զօր. Թալուզեանը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ռումանիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Վարուժան Ոսկանեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիել Թենըսիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Ոսկանեան հաստատեց Ռումանիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ յատկացնելու առումով:
Ոսկանեան շեշտեց, որ Ռումանիա յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան պետ զօր. Ժան Թալուզեանը, որուն հետ քննարկեց օդակայանին մէջ որդեգրուած ապահովական քայլերն ու դասաւորումները` Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներն ու արտերկրի լիբանանցիները լաւապէս դիմաւորելու նպատակով:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգելու որոշումն ու զայն վիճարկելու սահմանադրական քայլերը:
Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Վենեզուելայի արտաքին գործոց փոխնախարար Տէյվիտ Վլասքեզ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:



