Շէյխ Մահեր Համմուտ Ենթարկուեցաւ Մահափորձի

Շէյխ Մահեր Համմուտ

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Սայտայի «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտի դէմ գործուեցաւ մահափորձ մը, որուն ընթացքին շէյխ Համմուտի դէմ արձակուեցաւ աւելի քան 20 փամփուշտ, սակայն ան փրկուեցաւ:

Շէյխ Մահեր Համմուտ ոչ մէկ կողմ ամբաստանեց իր դէմ գործուած մահափորձին առումով` շեշտելով, որ այդ արարքը գործողները կա՛մ պատանիներ են եւ կա՛մ խուլիկաններ:

Շէյխ Համմուտ շեշտեց, որ ինք տեսած է իր դէմ կրակ բացողները` աւելցնելով, որ եթէ իր դէմ կրակ բացող անձերը իր դիմաց գտնուին, ինք կը ներէ անոնց եւ զանոնք կը համոզէ իսլամ դառնալու:

Շէյխ Համմուտ կոչ ուղղեց բոլորին, յատկապէս Հըզպալլային, որ ուրիշը անհաւատ նկատող կողմերուն հետ վարուին իբրեւ հիւանդներ:

Շէյխ Համմուտի դէմ մահափորձը դատապարտուեցաւ իշխանութեան պետերուն, հանրապետութեան միւֆթիին, երեսփոխաններու եւ քաղաքական ուժերու կողմէ:

Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը այցելեց շէյխ Համմուտին եւ դատապարտելէ ետք անոր դէմ գործուած արարքը նշեց, որ այդ քայլը միայն շէյխ Համմուտին անձին դէմ չէ ուղղուած, այլեւ` Դիմադրութեան ուղեգիծին:

 

Share this Article
CATEGORIES