Եւրոպահայերու Երրորդ Համագումարը Տեղի Պիտի Ունենայ Պրիւքսէլի Մէջ` 14 – 15 Հոկտեմբեր, 2013-ին

14 – 15 հոկտեմբեր, 2013-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպութեամբ պիտի գումարուի եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, գիտնականներ եւ քաղաքագէտներ պիտի համատեղէ Պրիւքսէլի մէջ:

Առաջին նիստը երկուշաբթի, 14 հոկտեմբերին, պիտի գումարուի Պրիւքսէլի Հայ տան սրահին մէջ, ու պիտի կեդրոնանայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք պիտի արծարծուին եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հարցերու կողքին պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպիսիք են` դէմ դնել Եւրոպայի մէջ թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ճակատին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած քաղաքական ձեռնարկներ, Ցեղասպանութիւններու ժխտման եւ ուրացման քրէականացում, միջազգային ճանաչում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:

Այս առաջին մասի պատգամաբերները պիտի ըլլան զանազան ներկայացուցիչներ արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն:

Յաջորդ օրուան` 15 հոկտեմբերի նիստը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ եւ պիտի կրէ խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբի` Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան հովանաւորութիւնը: Օրակարգին առաջին նիւթը պիտի ըլլայ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը», որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան կողմէ ցեղասպանութեանց ուրացման եւ կանխարգիլման հարցերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան եւ անոր հետեւանքներուն հարցերը: Երկրորդ նիւթին ընթացքին պիտի քննարկուին եւ որոնուին «Հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանկարներ». պիտի քննարկուին շրջանի զարգացման եւ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան մերձեցման եւ Արցախի հիմնահարցի լուծման նիւթերը: Համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան բարձր մակարդակի պաշտօնատարներ, Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ` քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ՛ Եւրոպական Միութենէն եւ թէ՛ Հայաստանէն:

Այս օրերուն, երբ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ երկուստեք բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը իր ներդրումը պիտի ունենայ այս յարաբերութեանց ա՛լ աւելի ամրապնդման հարցին մէջ` ցոյց տալով, թէ մեր ազգային հիմնախնդիրներուն կողքին Եւրոպայի ծագումով հայ քաղաքացին անմասն չի մնար Եւրոպական Միութեան քաղաքական հոլովոյթէն եւ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն համարկումէն:

Մինչեւ յունիս ամսու վերջ` մեր համապատասխան մամլոյ հաղորդագրութեամբ պիտի փոխանցենք անհրաժեշտ բոլոր մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES