Անցեալ Շաբաթ Աւելի Քան 1200 Կրակոց Արձակուեցաւ Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ
Լեռնային Ղարաբաղի Բանակի տուեալներուն համաձայն, նախորդ շաբաթ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 300 անգամ. տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1200 կրակոցներ:
Բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդի աշխուժութիւնը կասեցուած է:
CATEGORIES Հայկական

