Անցեալ Շաբաթավերջին Գորիսի Մէջ Տեղի Ունեցած Սպանութեան Հարցով. Սիւնիքի Մարզպետը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեան

Գորիսի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած սպանութեան դէպքին առնչութեամբ երէկ Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեան տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած է հետեւեալը. «Կը ցաւիմ, որ չէի կրնար ու չկրցայ կանխել առանձնատանս մօտ տեղի ունեցած ողբերգական միջադէպը, հիմա արդէն բոլոր հարցերուն պատասխանը պիտի տայ առարկայական քննութիւնը: Իւրաքանչիւրը պէտք է ըստ իր կատարածին պատասխան տայ, ներառեալ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Սուրէն Խաչատրեան: Ես որոշած եմ ձգել մարզպետի լիազօրութիւններէս մինչեւ նախաքննութեան աւարտը եւ արդէն վերադաս մարմինէս ստացած եմ արտօնութիւն: Այս պահէն սկսեալ այլեւս չեմ կատարեր Սիւնիքի մարզպետի պարտականութիւնները»:

Նշենք, որ նախանցեալ օր սպաննուեցաւ Գորիսի քաղաքապետի նախկին թեկնածու Աւետիք Բուդաղեանը, անոր եղբայրը` Արտակ Բուդաղեան, որ Գորիսի զօրամասի հրամանատարն է, տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց:

Փաստին առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործի շրջագիծին մէջ ձերբակալուած են Սուրէն Խաչատրեանի թիկնապահը եւ որդին:

Հայաստանի վարչապետի բանբեր Յարութիւն Պէրպէրեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Սուրէն Խաչատրեանէն կառավարութեան ուղղուած որեւէ դիմում առայժմ չէ ստացուած:

Հայաստանի դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ, որ շաբաթ երեկոյեան Գորիսի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ, որոնց պատճառով սպաննուած է Աւետիք Բուդաղեան եւ վիրաւորուած են երկու այլ անձեր, ձերբակալուած են Զարզանդ Նիկողոսեան եւ Տիգրան Խաչատրեան:

«2 յունիսին ոստիկանութեան Գորիսի քննչական բաժանմունքին մէջ յարուցուեցաւ քրէական գործ` Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 6-րդ կէտի եւ 235-րդ յօդուածի առաջին մասի յատկանիշներով` 1 յունիսին, ժամը 23:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) սահմաններուն մէջ Գորիս քաղաքին մէջ գտնուող, Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի պատկանող առանձնատան դիմաց տեղի ունեցած վիճաբանութեան ընթացքին արձակուած կրակոցներուն պատճառով Աւետիք Բուդաղեանի մահանալու եւ երկու այլ անձեր մարմնային հրազէնային վնասուածքներ ստանալու փաստին առիթով», ըսուած է դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ: Նախաքննութեան ընթացքին պարզուած նկատելով, որ տեղի ունեցած փոխադարձ հրացանաձգութեան մասնակիցներէն Արտակ Բուդաղեան կը հանդիսանայ պաշտպանութեան մարզի պետական լիազօր մարմինին մէջ ծառայութիւն իրականացնող անձ, 2 յունիսին որոշում տրուած է քրէական գործը ըստ քննչական ենթակայութեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննական ծառայութիւն ուղարկելու մասին:

Share this Article
CATEGORIES