Եւրասիական Միութեան Հետ Հայաստանի Համագործակցութեան Ձեւաչափի Հարցը Կը Քննարկուի

Սարգսեան եւ Մետվետեւ

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւնները բանակցութիւններ կը վարեն Հայաստանի` Եւրասիական միութեան անդամակցութեան կամ կցորդի ձեւաչափով համագործակցութեան շուրջ:

Երէկ երեւանեան մամլոյ ակումբներէն մէկուն մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինքին:

Դեսպանը նշեց, որ բանակցային հոլովոյթ կ՛ընթանայ, ոչինչ տակաւին որոշուած է ձեւաչափին վերաբերեալ եւ ատիկա կրնայ ըլլալ ընկերակցութիւն կամ որոշ գործընկերութիւն կամ անդամակցութիւն:

Ըստ Վոլինքինի, անհրաժեշտ է համահունչ դարձնել պետութիւններու օրէնսդրական դաշտերը տարբեր հարցերու վերաբերեալ, որոնք կրնան ծագիլ Եւրասիական միութեան հետ պետութեան այս կամ այն ձեւաչափով միաւորման ընթացքին:

«Կը կարծեմ, որ կանուխ է խօսիլ բանակցութիւններու բովանդակութեան մասին», յայտնեց դեսպանը` աւելցնելով, թէ բանակցութիւններու վերջնաժամկէտը սահմանուած չէ:

Իվան Վոլինքին նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական միութեան եւ Մաքսային միութեան:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին բազմիցս յայտարարած է, որ մտադիր է Մաքսային միութեան հիման վրայ մինչեւ 2015 թուականը ստեղծել նոր կառոյց մը` Եւրասիական միութիւն: Արեւմուտքը ասիկա կը գնահատէ իբրեւ Խորհրդային Միութեան վերստեղծման փորձ:

31 մայիսին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները քննարկեցին Մաքսային միութեան Հայաստանի մասնակցութեան առնչուող հարցեր:

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի, Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած էր, որ Ռուսիա կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի ձգտումը Մաքսային միութեան մէջ համարկուելու հարցին մէջ եւ Հայաստան կը ցանկայ մասնակցիլ միութեան: Իսկ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշած էր, որ Երեւանի դիրքորոշումը «յստակ է եւ ոչ մէկ կասկած կայ»: «Այժմ պէտք է թեքնիք մակարդակի վրայ որոշում տալ, թէ ի՛նչ կշռոյթով եւ ի՛նչ քայլերով պէտք է յառաջ ընթանալ», ըսած էր Սարգսեան:

Տիգրան Սարգսեան աւելցուցած էր, որ ինք Մինսքի մէջ Եւրասիական Միութեան խորհուրդի քարտուղար Վիքթոր Խրիսթենքոյի հետ արդէն քննարկած է միութեան մէջ համարկուելու յուշագիրին առնչուող հարցեր:

Հայաստանի վարչապետը նշած էր, որ համաձայնութիւն կայ այս հարցին մէջ, որ պէտք է արագ պատրաստել այդ յուշագիրը, համաձայնեցնել զայն նախագահներուն հետ եւ ստորագրել:

Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետը բազմիցս բացառած է Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային միութեան` շեշտելով, որ Հայաստան չի կրնար անդամակցիլ կառոյցի մը, որուն հետ ընդհանուր սահմաններ չունի:

Մինսքի մէջ տեղի ունեցած քննարկման վերաբերեալ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի մամլոյ բանբեր Յարութիւն Պէրպէրեան շաբաթ օր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ Հայաստան կը գտնուի առանձնայատուկ պայմաններուն մէջ, չունի ընդհանուր սահման Մաքսային միութեան անդամ հանդիսացող երկիրներուն հետ եւ այս հանգամանքը կ՛ընդունի նաեւ ռուսական կողմը: «Այս իրավիճակին մէջ խօսքը ընդամէնը Հայաստանի եւ Մաքսային միութեան միջեւ համագործակցութեան փոխադարձ ընդունելի ձեւաչափ գտնելու մասին է» :

Share this Article
CATEGORIES