Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ամսաթոշակին յաւելման համար դիմում մը կատարելը ձեր իրաւունքն է, առանց քաշուելու առաջարկեցէք, կրնաք ընդունուիլ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք կարողութիւնը եւ հմայքը` ազդելու ձեր խօսակիցին վրայ: Պիտի կարենաք իրագործել ձեր բաղձանքը, որովհետեւ յաջողելու լաւագոյն օրն է այս:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործակիցներուն կամ շրջապատին հետ ձեր յարաբերութիւնը եւ զրոյցները պիտի ըլլան արդիւնաւէտ: Պիտի յարգուիք ամէնուն կողմէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բարեկամութեան մէջ մնացէք պարկեշտ եւ անկեղծ: Պիտի ունենաք լաւ յարաբերութիւն ձեր շրջանակին մէջ: Մնացէք յարգալիր եւ պիտի յարգուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մնացէք հաւատարիմ ձեր սկզբունքներուն, եթէ նոյնիսկ հովերը հակառակ կողմէն փչեն: Անցողակի պատճառները պէտք չէ ազդեն ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը կրնաք ունենալ դէպի օտար երկիր մը, տոմսը, բնակութեան վայրը եւ գործունէութիւնը պատրաստ: Ուրեմն պատրաստուեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տնտեսական հարցերու կարգադրութեան վերաբերեալ պիտի դիմագրաւէք նոր հանգրուան մը, որ պիտի հաւասարակշռէ ձեր նիւթական կացութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ամուսնական կամ ընկերական ձեր վիճակը կրնայ բարելաւուիլ երկխօսութեամբ: Ինքնագլուխ մի՛ գործէք, եղէք սիրալիր եւ հանդուրժող:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երազ մը իրականացնելու համար պէտք է տրամադրէք միջոցներ: Կը յաջողիք: Մի՛ մոռնաք, որ աշխատանքով կարելի կ՛ըլլան յաջողութիւնները: Ըստ այնմ ծրագրեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սէրը պիտի ըլլայ կարեւոր տարր մը ձեր կեանքին մէջ: Պէտք է փոխէք ձեր վերաբերումը կամ այս իմաստով ձեր գաղափարները:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան մտահոգութիւն մը պիտի փարատի ձեռք առնուած լաւ դասաւորումով: Կրնաք անհոգ մնալ այս կապակցութեամբ եւ շարունակել ձեր ծրագիրներուն իրագործումը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ծնողք, սիրոյ խօսքեր ըսէք մանուկներուն: Յաճախ կը մոռնանք քաղցր բառ մը ըսելու մեր երեխաներուն: Ուշադիր եղէք այսօր այս կապակցութեամբ:

