50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1963)
Խմբագրական
Յովհաննէս ԻԳ. Խաղաղութեան Պապը
Երկար հոգեվարքէ մը ետք, որ տեւեց 79 ժամ, Յովհաննէս ԻԳ. պապը հոգին աւանդեց երկուշաբթի գիշեր, երբ Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած երեք հարիւր հազար անձեր կ՛աղօթէին, որ վերջ գտնէ այն ահաւոր տառապանքը, որուն կ՛ենթարկուէր ծերունազարդ քահանայապետը:
Կաթողիկէ եկեղեցին սուգի մէջ է: Բազմաթիւ երկիրներ եռօրեայ սուգ հռչակած են ի յիշատակ մեծ հովուապետի մը, որուն կարճատեւ գահակալութիւնը անկիւնադարձ մը պիտի կազմէ քրիստոնէական եկեղեցիի ընդհանուր պատմութեան մէջ:
Արդարեւ, եթէ կաթողիկէ հաւատացեալները կորսնցուցին հայր մը, աշխարհի բոլոր մարդիկը, ինչ կրօնի ու դաւանանքի ալ պատկանին, կորսնցուցին մեծ բարեկամ մը, մեծ հոգի մը, որ իր ամբողջ բարութիւնն ու հաւատքը ի սպաս դրաւ մարդկութեան բարօրութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար:
Ս. Պետրոսի 262-րդ յաջորդը, երբ պապ կ՛ընտրուէր 28 հոկտեմբեր 1958-ին, կոչուեցաւ փոխանցման պապը, իր յառաջացած տարիքին բերումով: Բայց շուտով երեւան եկաւ, որ Յովհաննէս ԻԳ. իր կոչումին բարձր գիտակցութեամբը, լծուած է այնպիսի հիմնական աշխատանքի մը, որ զինք պիտի դասէր Կաթողիկէ եկեղեցիի մեծանուն քահանայապետներու շարքին:
Այս կարեւոր աշխատանքին գծով, իր երկու կոնդակները` «Մաթեր եւ մաճիսթրա» եւ «Փաչեմ ին թերրիս» պիտի մնան անջնջելի վկայութիւնները իր մեծութեան, որ հետզհետէ հաստատուեցաւ իր գահակալութեան չորսուկէս տարիներուն ընթացքին:
Յովհաննէս ԻԳ. յաջողցուց իր առաքելութեան հիմնական նպատակներէն մէկը` Վատիկան Բ. տիեզերական ժողովը, որուն ներկայ եղան աշխարհի բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, մինչեւ իսկ` Մոսկուայի Ալեքսիս պատրիարքին երկու պատուիրակները: Ծերունազարդ քահանայապետին անձնական մղումով վերադարձ մը կատարուեցաւ դէպի հին դարերը, ուր քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները, դաւանանքներու այլազանութենէն վեր, քրիստոնէական միութեան ապրումը ունէին եւ սկզբունքները կը դաւանէին:
Յովհաննէս ԻԳ. պապական աթոռին վրայ կը բազմէր դժուարին պայմաններու մէջ, երբ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, եկեղեցիին ու իշխանութեանց միջեւ կը մղուէր խուլ պայքար մը, երբ մինչեւ իսկ կարտինալներ կալանաւոր վիճակի մէջ կը մնային կեդրոնացման ճամբարներու կամ բանտերու մէջ: Նորընտիր պապը մասնաւոր հոգածութեան առարկայ դարձուց Երկաթէ վարագոյրին միւս կողմը գտնուող իր զաւակները եւ հետզհետէ կրցաւ քաղել պտուղները իր տքնաջան աշխատանքին:
Արդարեւ, համայնավար իշխանութիւնները յօժարեցան ազատ արձակել կալանաւոր կրօնականները եւ «Մոտիւս վիվենտի» մը գոյացաւ եկեղեցիին ու պետութեան միջեւ: Մեծ յոյսեր կային, որ հունգար եւ լեհ իշխանութեանց հետ կատարուող բանակցութիւնները եւս պիտի յաջողին, եւ պապը իրագործած պիտի ըլլայ իր մեծ ծրագիրներէն մէկը: Բայց անողոք մահը եկաւ փրցնելու կեանքին թելը մարդու մը, որ անհաշիւ ծառայեց բոլոր բարեացակամ մարդոց:
Հիմնականը սակայն, որ յաւէտ կապուած պիտի մնայ Քրիստոսի այս մեծ ծառային անուան, աշխարհի խաղաղութեան համար իր կատարած մեծ աշխատանքն է, որուն համար համայն մարդկութիւնը երախտապարտ պիտի ըլլայ իրեն:
Ամէն անգամ, երբ չարիքի ուժերը սպառնացին մարդկութիւնը մխրճել ջերմակորիզային պատերազմի մը զարհուրանքին մէջ, Յովհաննէս ԻԳ.-ի հայրական ձայնը, պայծառ ու համոզիչ, բարձրացաւ բոլոր ժխորներէն վեր` լսելի դառնալու համար բոլորին, խօսելու համար խիղճերուն, բարութեան այն կայծին, որ տակաւին կը մնար ամէնէն նիւթապաշտ մարդոց իսկ հոգիին մէկ անկիւնը:
Ոչ միայն լսուեցաւ այդ ձայնը, այլ նաեւ, երբ փոթորիկը անցաւ, մարդիկ տեսան մեծութիւնը այն շնորհին, որ իրենց կը բաշխուէր մարդու մը անհուն բարութենէն:
Բարութեան այդ պատկերը, մեծ հոգիի մը այդ վկայութիւնը անջնջելիօրէն կապուած պիտի մնան Յովհաննէս ԻԳ.-ի անուան եւ անմոռանալի յիշատակին:
Նոր Ատանայի ԼՕ Խաչի Մասնաճիւղի
Պարտիզագնացութիւնը
Հինգշաբթի, 23 մայիսի 1963, Համբարձման տօնին առթիւ, Լիբանանեան օգնութեան խաչի Նոր Ատանայի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց պարտիզագնացութիւն մը դէպի Ղազիր:
Չորս օթոպիւսներ Նոր Ատանայէն, իսկ 7 այլ օթոպիւսներ Արագածի մասնաճիւղի շրջանէն (Սին էլ Ֆիլ) ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 7:45-ին: Դէպի Ղազիր տանող ճամբու ընթացքին օթոպիւսներուն մէջ տեղ գրաւած խանդավառ խաչուհիներն ու համակիրները խմբերգներով ու մեներգներով լեցուցին մթնոլորտը:
Ղազիրի ծառազարդ մեծ սրճարանին մէջ Նոր Ատանայի շրջանի պարտիզագնացները ամբողջ օր մը անցուցին հաճելի մթնոլորտի մը մէջ: Կէսօրուան ճաշէն ու հանգիստէն ետք հարիւր յիսունէ աւելի կիներն ու օրիորդները իրենց ծափերով խանդավառեցին արտասանող, մեներգող եւ պարող խաչուհիները:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ժամանեցին Լիբանանեան օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները, որոնք իրենց քաջալերանքի խօսքը ըրին Նոր Ատանայի նորընտիր վարչութեան, որ իր մէջ կը հաշուէ ժրաջան ու կենսունակ տարրեր:
Համբարձման տօնին առթիւ կազմակերպուած այս պարտիզագնացութիւնը վերջ գտաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ երեկոյեան եւ ժամը 6:00-ին օթոպիւսները դէպի Պուրճ Համուտ ճամբայ ելան:
***
Երեքշաբթի, 28 մայիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Նոր Ատանայի մասնաճիւղի ակումբին մէջ, ի ներկայութեան մեծ թիւով անդամուհիներու, տեղի ունեցաւ վարչութեան կողմէ կազմակերպուած վիճակահանութիւնը: Այս հաւաքոյթին կը նախագահէր տոքթ. Ժ. Արզումանեան:
Վիճակահանութեան դրուած էին 114 զանազան արժէքաւոր նուէրներ` Նոր Ատանայի հայ վաճառականներէն եւ խանութներէն հաւաքուած:
Վիճակահանութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` զովացուցիչ եւ կարկանդակ:
Այս առթիւ ԼՕ Խաչի Նոր Ատանայի վարչութիւնը շնորհակալութեան խօսք ունի բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար կերպով ընդառաջեցին նուիրահաւաք յանձնախումբի ընկերուհիները:
ԹՂԹԱԿԻՑ

