Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Գահակալութեան Լոյսին Տակ. Յիսուսեաններու Միաբանութիւնը Եւ Անոր Կրթական Ու Առաքելական Գործունէութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հռոմէական կաթողիկէ միաբանութիւններուն մէջէն ամէնէն մեծն են յիսուսեանները: Անոնք կրթական եւ առաքելական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեցին, քոլեճներ ու համալսարաններ հիմնեցին, ծառայեցին պապի իշխանութեան եւ մեծ դեր խաղացին քաղաքական կեանքին մէջ:
* * *
Յիսուսեաններու միաբանութիւնը հիմնուեցաւ Իգնատիոս տէ Լոյոլայի եւ իր ընկերակիցներուն նախաձեռնութեամբ, Աստուծոյ եւ եկեղեցիին ծառայելու եւ բողոքականութեան դէմ պայքարելու համար: 27 սեպտեմբեր 1540-ին Պօղոս Գ. պապ Ռեճիմինի Միլիթանթիս Էքքլեսիաէ (լատիներէն` զինուորեալ եկեղեցիի կառավարման համար) կոնդակով հաստատեց միաբանութիւնը Յիսուսի անուան ընկերակցութիւն անունով. լատիներէն` Սոսիեթաս Իեսու:
Հիմնադրութեան առաջին օրերէն միաբանութիւնը առաքելական, հովուական եւ կրթական գործունէութեան դաշտերը ընտրեց, բայց յետոյ, 1547-էն սկսեալ գլխաւորաբար կրթական եւ առաքելական գործունէութիւններուն վրայ կեդրոնացաւ:
Յիսուսեաններ 1548-ին Սիկիլիոյ Մեսսինա քաղաքին մէջ առաջին տունը բացին երիտասարդներու պատրաստութեան համար, իսկ 1551-ին Հռոմէական քոլեճը բացին Հռոմի մէջ: 1556-ին, Լոյոլայի մահուան տարին, միաբանութիւնը ունէր հազար անդամ եւ 45 քոլեճ:
Միաբանութեան հիմնադիր անդամներէն Ֆրանսիսքօ Խաւիէ, առաքելական գործունէութեան ձեռնարկելով` 1541-ին Մոզամպիք հասաւ, 1542-ին` Փորթուգալական Հնդկաստան եւ Կոայի մէջ Սուրբ Պօղոս քոլեճը հիմնեց. 1545-ին հասաւ Փորթուգալական Մալաքքա (ներկայիս` Մալեզիա), 1546-ին` Մոլուքքա արշիպեղագոս (ներկայիս` Ինտոնեզիա) իսկ 1549-ին` Ճափոն, եւ մահացաւ 1552-ին, չինական Շանկչուան կղզիին մէջ: Ան հռոմէական կաթողիկէ դաւանանքի ամէնէն մեծ տարածիչներէն եղաւ: Յիսուսեաններ Կոայի մէջ բնիկները մեծ թափով քրիստոնեայ դարձուցին:
Յիսուսեաններ հետզհետէ եւրոպական գրեթէ բոլոր գլխաւոր քաղաքներուն մէջ սկսան քոլեճներ եւ համալսարաններ բանալ եւ միաժամանակ բուռն պայքար մղեցին բողոքականութեան դէմ: Հոլանտայի մէջ յատկապէս բողոքականներուն դէմ պայքարը լայն ծաւալ ստացաւ: Անոնք նաեւ արքունիքներէն եւ ազնուական տուներէն ներս թափանցելով, անոնց զաւակներուն դաստիարակները դարձան, թագաւորներու եւ իշխաններու խոստովանահայրերը եղան, անոնց անձնական եւ ընտանեկան գաղտնիքներուն ծանօթացան եւ անոնց խղճին եւ զգացումներուն վրայ ազդելով, ուղղութիւն տուին քաղաքականութեան:
Ֆրանսայի թագաւորութեան մէջ յիսուսեաններուն հեղինակութիւնը անհամեմատ զօրացաւ: Փարիզի Մարէ թաղին մէջ 1580-ին անոնք Ուխտեալներու տունը բացին (ներկայ Լիսէ Շարլըմանյը), ուր աստուածաբաններ եւ գիտնականներ կ՛ընդունուէին: Կողքին Սէն-Լուի եկեղեցին կառուցուեցաւ (ներկայիս` Սէն-Փօլ-Սէն-Լուի), ուր կարտինալ Ռիշելիէօ 1640 մայիսին առաջին պատարագը մատուցեց: Լուի Պորտալու եկեղեցւոյ գլխաւոր քարոզիչը եղաւ եւ Սեւինյէի մարքիզուհին միշտ ներկայ կ՛ըլլար պատարագին: Հոն գործեցին երաժիշտներ Մարք-Անթուան Շարփենթիէ եւ Ժան-Ֆիլիփ Ռամօ: Յիսուսեաններ միաժամանակ թափանցեցին Ափրիկէ, եւ յատկապէս` Եթովպիա եւ Քոնկոյի թագաւորութիւն, եւ փորթուգալցիներու կողմէ հիմնուած Լուանտայի մէջ 1574-ին Սուրբ Պօղոս քոլեճը բացին: Եթովպիոյ մէջ անոնք եթովպիական եկեղեցին իրենց ազդեցութեան ենթարկեցին եւ Սուսենիոս կայսրը 1613-ին իրենց միացուցին, մինչեւ որ Ֆասիլատաս կայսր (1632-1667) աքսորեց յիսուսեանները:
Չինաստան թափանցելով, յիսուսեաններ առաջին անգամ փորթուգալական գաղութ Մաքաոյի մէջ 1563-ին կեդրոն հաստատեցին: Ալեսսանտրօ Վալինանօ 1578-ին Մաքաոյի մէջ կայք հաստատելով 1594-ին հոն Սուրբ Պօղոս քոլեճը հիմնեց: Մաթթէօ Ռիչչի 1582-էն սկսեալ չինական առաքելութեան մէջ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեց, իրեն աջակից ունենալով Միշէլ Ռուճճերին: Ռիչչի 1597-ին չինական առաքելութեան մեծաւորը եղաւ եւ մահացաւ 1610-ին, Փեքինի մէջ: Յիսուսեաններ արեւմտեան գիտութիւնն ու աստղագիտութիւնը Չինաստան ներմուծեցին եւ չինական փիլիսոփայութիւնը տարածեցին դէպի Եւրոպա:
Ալեքսանտր տը Ռոտէս (1591-1660) առաքելական գործունէութիւն ծաւալեց յատկապէս Քոչինչինի եւ Թոնքինի (ներկայ Վիեթնամ) մէջ եւ վիեթնամեան այբուբենը ձեւաւորեց:
Եոհան Կրուեպըր եւ Ալպէր Տորվել, Փեքինէն դէպի Եւրոպա ճամբուն վրայ 1661-ին Թիպէթ մտան եւ Հիմալայեան լեռները կտրելով անցան Նեփալ եւ հոնկէ` Հնդկաստան: Անոնք եւրոպացիներուն անծանօթ այդ շրջաններէն աշխարհագրական, տեղագրական, քաղաքական եւ կրօնական լայն տեղեկութիւններ հաւաքեցին:
* * *
Հարաւային Ամերիկայի սպանական եւ փորթուգալական գաղթավայրերը թափանցելով` յիսուսեաններ բնիկ հնդկական կուարանի, թուփի, չիքուիթօ եւ մոխօ ցեղերուն լեզուները սորվեցան, մշակոյթը իւրացուցին, առաքելավայրեր եւ բնակավայրեր կառուցեցին, երկրագործութիւնը զարգացուցին, դպրոցներ բացին, բնիկներու լեզուներով գիրքեր հրատարակեցին եւ քրիստոնէացուցին զանոնք: Յիսուսեաններ նաեւ շարք մը քաղաքներ հիմնեցին. Ռեսիֆէն` 1537-ին, Սալվատորը` 1549-ին, Սան Փաոլոն` 1554-ին եւ Ռիօ տէ Ժանէյրոն` 1565-ին:
Հարաւային Ամերիկայի մէջ յիսուսեան առաքեալներէն բեղուն գործունէութիւն ծաւալեցին յատկապէս Մանուէլ տա Նոպրեկա (1517-1570), Խոսէ տէ Անչիեթա (1534-1597) եւ Անթոնիօ Ռուիս տէ Մոնթոյա (1585-1652): Մոնթոյայի համար կ՛ըսուի որ անձնապէս հարիւր հազար հնդիկ քրիստոնեայ մկրտած է:
Յիսուսեաններ 1568-ին Փերու մտան եւ Լիմայի մէջ Սուրբ Պետրոս հոյակերտ եկեղեցին կառուցեցին: Անոնք տարածուեցան դէպի Անտեան լեռներու բարձունքներ եւ ինքաներու երբեմնի մայրաքաղաք Քուսքոյի մէջ 1571-ին եկեղեցի կառուցեցին: 1572-ին անոնք տարածուեցան դէպի Վերին Փերու (ներկայ Պոլիվիա)` Ալթիփլանօ, Թիթիքաքա լիճի շրջանը եւ Լա Փաս, Փոթոսի եւ Լա Փլաթա (ներկայիս` Սուքրէ) քաղաքներուն մէջ, ուր եկեղեցիներ կառուցեցին եւ դպրոցներ բացին: Անտեան լեռներու բնիկ հնդկական քուեչուա եւ այմարա ցեղերը քրիստոնէացուեցան:
Յիսուսեաններուն հաստատած առաքելավայրերը (սպաներէն՝ Ռետուսսիոնէս տէ Ինտիէոս), սպանական եւ փորթուգալական գաղթավայրերուն մէջ, քաղաք-պետութիւններ դարձան: Իւրաքանչիւր առաքելավայրի մէջ կեդրոնացած ցեղախումբ ունէր իր ցեղապետը եւ անոր կողքին` յիսուսեան առնուազն երկու կրօնաւոր:
Առաջին առաքելավայրերը հաստատուեցան ներկայ Փարակուայի մէջ եւ այնուհետեւ տարածուեցան դէպի ներկայ Պոլիվիա, Պրազիլ, հիւսիսային Արժանթին եւ Ուրուկուայ: Բոլորը միասին շուրջ քառասուն առաքելավայրեր կային, մօտաւորապէս` 150 հազար բնակչութեամբ: Իւրաքանչիւր առաքելավայր միջին 2-էն 7 հազար բնակիչ ունէր: Գլխաւոր առաքելավայրերն էին, Փարակուայի մէջ` Լա Սանթիսիմա Թրինիտատ տէ Փարանա, Խեսուս տէ Թաւարանկէ, Սան Քոսմէ ի Տամիան, Պոլիվիոյ մէջ` Սան Խաւիէ Քոնսեփսիոն, Սան Իկնասիօ տէ Վելասքօ, Սանթա Անա տէ Վելասքօ, Սան Միկէլ տէ Վելասքօ, Սան Ռաֆայէլ տէ Վելասքօ եւ Սան Խոսէ տէ Չիքուիթոս, Արժանթինի մէջ` Սան Իկնասիօ Մինի, Նուէսթրա Սենիորա տէ Սանթա Անա, Նուէսթրա Սենիորա տէ Լորեթօ, Սանթա Մարիա լա Մայոր եւ Մանսանա Խեսուիթիսա ի Էսթանսիաս տէ Քորտոպա, Պրազիլի մէջ` Սան Միկէլ Տաս Միսսոէս եւ Ուրուկուայի մէջ` Նուէսթրա Սենիորա տէ Լոս Տեսամփարատոս եւ Էսթանսիա տէլ Ռիօ տէ Լաս Վաքաս: Իսկ Փարակուայ գետի ափին գտնուող Ասունսիոն քաղաքը յիսուսեաններու առաքելութեան կեդրոնը դարձաւ:
Լայնատարած դաշտերու մէջ տարածուող եւ մարգագետիններով, անտառներով, բլուրներով ու լեռներով շրջապատուած առաքելավայրերը կը գտնուէին գետերու եւ վտակներու ափերուն կամ մօտը: Առաքելավայրը կ՛ընդգրկէր լայն հրապարակի մը վրայ գտնուող եկեղեցին, դպրոցը եւ մթերանոցը եւ անոնց շուրջ տարածուող, իրարու կցուած փայտաշէն կամ քարաշէն բնակարաններու շարանը, նաեւ` այրիանոց մը եւ հիւանդանոց մը: Հրապարակին կեդրոնը` խաչ մը եւ առաքելավայրի սուրբին արձանը: Եկեղեցին, քարաշէն կամ փայտաշէն եւ բարձր աշտարակներով, քանդակներով, ճոխ զարդարուած խորաններովն եւ արձաններով, իր դիրքով կ՛իշխէր միւս շինութիւններուն վրայ: Եկեղեցւոյ կողքին կը գտնուէին վանատունը, յանձնակատարի սենեակը, ախոռը, կառատունը, աշխատանոցը եւ ներքին բակը:
Յիսուսեաններ զարկ տուին երկրագործութեան եւ անասնապահութեան զարգացման: Կը մշակէին ցորեն, եգիպտացորեն, գարի, վարսակ, բրինձ, գետնախնձոր, բակլայ, շաքարեղէգ, բամպակ, սուրճ, քաքաօ եւ թէյ. կը բուծանէին կով, եզ, ոչխար, այծ, ձի, էշ, ջորի եւ թռչուն: Եւրոպայէն աշխատանքի հրաւիրուեցան արհեստաւորներ` ջուլհակ, կաշեգործ, ճախարակագործ, ատաղձագործ, դերձակ, գլխարկ պատրաստող, տակառագործ, արծաթագործ, նաեւ` երաժիշտներ, երաժշտական գործիքներ պատրաստողներ եւ նկարիչներ:
Առաքելավայրէն ներս կեանքը համայնական էր: Առտուն, հաւաքական աղօթքէն եւ նախաճաշէն ետք ամէն մարդ իրեն սահմանուած աշխատանքին կը լծուէր, իսկ մանուկները` դպրոց: Երեկոյեան` Անժելիւս եւ եկեղեցւոյ զանգը կ՛արձագանգէր հեռուները: Այնուհետեւ` ընթրիք եւ սիեսթա: Գիշերը` Վարդարանի աղօթք եւ քնանալ: Ձմեռը (յուլիս-օգոստոս) եւ անձրեւոտ օրերուն տնային աշխատանքներ կը կատարուէին: Տօները կը նշուէին մեծ շուքով, երգերով ու պարերով:
Առաքելավայրերուն բնակիչները յիսուսեաններուն պաշտպանութիւնը կը վայելէին սպանացի եւ փորթուգալցի գերեվաճառներու ոտնձգութիւններուն եւ յարձակումներուն դէմ:
* * *
Յիսուսեաններ Հիւսիսային Ամերիկայի ֆրանսական Աքատիա գաղթավայրին (ներկայ արեւելեան Քեպէք եւ Մէյն) Փենոպսքոթ ծոցի ափին 1609-ին առաքելավայր հաստատեցին: Երկրորդ առաքելավայրը հաստատուեցաւ 1611-ին, Փոր Ռոյալի մէջ, բայց 1613-ին վիրճինիացիք յարձակեցան եւ քանդեցին զայն: Երրորդ առաքելավայրը հաստատուեցաւ 1613-ին, Մաունթ Տեզէրթ կղզիին մէջ: Այնուհետեւ յիսուսեաններ որոշեցին Սէն-Լորան գետի ափերուն կեդրոնանալ եւ չորրորդ առաքելավայրը հիմնուեցաւ 1625-ին, բայց 1629-ին փակուեցաւ:
Փոլ լը Ժէոն 1632-ին ստանձնեց Քանատայի մէջ յիսուսեան առաքելութեան ղեկավարութիւնը: Ժան տը Պրեպէոֆի գլխաւորութեամբ 1634-ին առաքելավայր մը հաստատուեցաւ հիւրոն ցեղին մօտ: Սէնթը-Մարի առաքելավայրը հաստատուեցաւ 1639-ին, Ժերոմ Լալըմանի եւ Ժան տը Պրեպէոֆի նախաձեռնութեամբ. հոն կեդրոնացան յիսուսեան խումբ մը կրօնաւորներ եւ եղբայրներ, որոնք լծուեցան հիւրոնները քրիստոնէացնելու աշխատանքին: Հիւրոններուն թշնամի իրոքները 1648-ին եւ երկրորդ անգամ` 1649-ին յարձակեցան եւ քանդեցին ու աւերեցին առաքելավայրը: Հիւրոններու շարքին, յիսուսեան ութ առաքեալներ զոհուեցան 1642-1649 տարիներուն:
Յիսուսեաններ իրոքներուն մօտ 1654-էն սկսեալ առաքելավայրեր հաստատեցին: Տարիներ շարունակ անոնց մօտ գործեց Սիմոն լը Մոյնը (1604-1665): Ֆրանսացիներուն եւ իրոքներուն միջեւ թշնամութիւններու պայմաններուն տակ բոլոր առաքելավայրերը փակուեցան 1708-ին:
Յիսուսեաններ տարածուեցան Մեծ լիճերէն մինչեւ Միսիսիփփի գետին հովիտը եւ 1701-ին հաստատուեցան Ռիվըր Տէս Փերէսի ափերուն: 1703-ին կեդրոն մը հաստատեցին Իլինոյզի մէջ եւ Ժաք Կրաւիէ Իլինոյզի առաքելութեան մեծաւորը եղաւ:
Յիսուսեաններ 1572-ին Մեքսիքօ մտան, իսկ Էօսեպիօ Ֆրանչիսքօ Քինօ (1645-1711) քսանչորս առաքելավայրեր հիմնեց հիւսիսային Մեքսիքոյի եւ Արիզոնայի մէջ: Քալիֆորնիոյ մէջ առաքելավայրեր հաստատուեցան 1683-էն սկսեալ: Բնիկ հնդկական շարք մը ցեղեր առաքելավայրերուն մէջ կեդրոնացուեցան եւ դաստիարակուեցան հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատարմութեան ոգիով: Առաքելավայրերուն հողերը բաժնուած էին պտղաստաններու, բանջարանոցներու եւ արջառի ու ձիերու բուծանման արօտավայրերու:
Յիսուսեան միաբանութիւնը 1626-ի տուեալներով ունէր 15,544 միաբան: Իսկ 1740-ի տուեալներով միաբանութիւնը աւելի քան 650 քոլեճ, 24 համալսարան եւ 200 ընծայարան ունէր Եւրոպայի մէջ, իսկ միաբաններուն թիւը կ՛անցնէր 22 հազարը: Նաեւ` անոնց կը պատկանէր աշխարհի 130 աստղադիտարաններէն 30-ը:
* * *
Յիսուսեանները, իբրեւ դաստիարակներ եւ խոստովանահայրեր արքունիքներէն եւ իշխող դասակարգերէն ներս թափանցած ըլլալով, միջամտութիւններ կը կատարէին պետութիւններու քաղաքական կեանքէն ներս: Անոնք նաեւ տնտեսական հզօր ուժ էին եւ անծայրածիր հողեր ու առաքելավայրեր ունէին յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Գերեվաճառութեամբ զբաղող վաճառականներ կ՛աշխատէին հաշուեյարդարի ենթարկել առաքելավայրերը, եւ ճնշում կը բանեցնէին սպանական եւ փորթուգալական արքունիքներուն վրայ: 1759-ին յիսուսեանները արտաքսուեցան Փորթուգալէն, 1762-ին` Ֆրանսայէն, 1767-ին` Սպանիայէն եւ Ամերիկայի անոնց առաքելավայրերը քանդուեցան: Ֆրանսական եւ սպանական արքունիքներու ճնշումին տակ Կղեմէս ԺԴ. պապ 21 յուլիս 1773-ին ջնջեց 23 հազար անդամ ունեցող միաբանութիւնը: Յիսուսեաններուն պատկանող դպրոցները, քոլեճներն ու համալսարանները փակուեցան, ծախուեցան կամ պետականացուեցան, իսկ մատենադարաններուն գիրքերը խլուեցան, ցիրուցան եղան կամ կրակի տրուեցան:
Ռուսիոյ Եկատերինէ Բ. ցարուհին մերժեց գործադրել պապական որոշումը: Միլիոնաւոր հռոմէական կաթողիկէներ (գլխաւորաբար` լեհեր) կը բնակէին մեծամասնութեամբ օրթոտոքս բնակութեամբ Ռուսական կայսրութեան մէջ, եւ շուրջ 200 յիսուսեաններ իրենց գործունէութիւնը շարունակեցին ռուսական սահմաններէն ներս: Բողոքական Փրուսիոյ մէջ եւս յիսուսեաններ պահեցին իրենց գոյութիւնը:
Պիոս Է. պապ 7 օգոստոս 1814-ին վերահաստատեց յիսուսեաններու միաբանութիւնը: Թէեւ հին միաբաններէն շատեր մահացած էին, բայց անոնց յիշատակը կենդանի մնացած էր: Վերահաստատումէն ետք յիսուսեաններ արագօրէն վերակազմուեցան եւ նորանոր քոլեճներ ու համալսարաններ բացին աշխարհի չորս ծագերուն: Նշենք, որ յիսուսեանները միշտ նախընտրած են գիշերօթիկ հաստատութիւնը, որպէսզի աշակերտը ամբողջ ժամանակով ունենան իրենց տրամադրութեան տակ:
1914-ին միաբանութիւնը ունէր 20 հազար անդամ, 1964-ին 35 հազար անդամ, իսկ 2013-ի տուեալներով ունի 19,216 անդամ, ամէն ազգէ, որուն 13,500-ը` կրօնաւոր եւ մնացեալները` եղբայր, ուսումնական եւ նորընծայ:
Յիսուսեան միաբանները բոլորն ալ համալսարանաւարտ են եւ առնուազն երկու մասնագիտութիւն ունին. աստուածաբանութեան կողքին` նաեւ փիլիսոփայ, բժիշկ, դեղագործ, լեզուագէտ, գիտնական, աստղագէտ, հնաբան, տնտեսագէտ, գիւղատնտես կամ զինուորական: Միաբանութեան պաշտօնական լեզուն լատիներէնն է:
Միաբանութիւնը հիմնուած է զինուորական խստագոյն կարգապահութեան եւ աղքատութեան, կուսակրօնութեան ու հնազանդութեան սկզբունքներուն վրայ: Նշանաբանը` «Ատ մաժորէմ Տէի կլորիամ» (Աստուծոյ աւելի մեծ փառքին համար):
Յիսուսեանները պաշտօնական տարազ չունին. անիկա պէտք է ըլլայ պատշաճ եւ համաձայն տեղական պայմաններուն. բայց ամէնէն աւելի ընդհանրացած է գօտիով սեւ զգեստը:
Միաբանութեան մեծաւորը զօրավար կը կոչուի, Հռոմ կը նստի, կ՛ընտրուի ցմահ իշխանութեամբ եւ պապէն ետք հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ ամէնէն հեղինակաւոր դէմքը ըլլալով սեւ պապ կոչումին արժանացած է: 1983-էն միաբանութեան մեծաւոր Փիթըր Հանս Քոլվենպախ 2008 յունուարին, 80 տարեկանին հրաժարեցաւ եւ անոր յաջորդեց Ատոլֆօ Նիքոլաս:
Յիսուսեաններ աշխարհը բաժնած են նահանգներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր հոգեւոր պետը:
Յիսուսեաններուն մայր եկեղեցին Հռոմի կեդրոնը գտնուող Իլ Ճեսուն է. լրիւ անուանումը` Քիեսա տէլ սանթիսսիմօ Նոմէ տի Ճեսու ալ՛ Արճենթինա (Ամենասուրբ Յիսուսի անուան եկեղեցի Արժանթինի մէջ): Եկեղեցւոյ կառուցումը սկսաւ 1554-ին եւ աւարտեցաւ 1584-ին: Վարչական կեդրոնը Հռոմ, Պորկէ Սանթօ Սփիրիթօ 4, որ Վատիկանի կողքին կը գտնուի:
(Վերջ)




