«Հայկական Ինքնութիւն» Դասախօսութիւն Դպրեվանքի Մէջ

Չորեքշաբթի, 8 մայիս 2013-ի երեկոյեան, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, որուն նիւթն էր «Հայկական ինքնութիւն»: Օրուան դասախօսն էր դպրեվանքի նախկին սաներէն Դրօ կիս. սրկ. Ծատուրեան:

Բացման խօսքով դասախօսը ներկայացուց  Գաբրիէլ սրկ. Եղիայեանը:

Ապա, դասախօսը դպրեվանքին հանդէպ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ իր նիւթը փոխանցեց: Ան անդրադարձաւ ազգ եւ եկեղեցի, կրօն եւ մշակոյթ, հայրենիք եւ սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն ու լուսարձակի տակ բերաւ դարերու ընթացքին Հայ եկեղեցւոյ դերը` հայ մշակոյթի եւ հայապահպանման նուիրական գործին մէջ:

Երեկոն եզրափակեց դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալէեմէզեանը, որ իր հովուական տարիներէն քաղուած քանի մը դէպքերով սաները յորդորեց իրենց արմատներուն կառչած մնալ եւ աւանդութեան ու արդիականութեան միջեւ հաւասարակշռուած ծառայական կեանքին պատրաստուիլ:

Երեկոն աւարտեցաւ հաւաքական գիշերային աղօթքով:

Share this Article
CATEGORIES