Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն. Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, կիրակի, 12 մայիս 2013-ին, Ս. պատարագի աւարտին «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ:
Տիկնանց յանձնախումբին անունով Մանուշակ Թորոսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է պատուելու համար մեր մայրերը, որոնք կը գուրգուրան եւ անսակարկ զոհողութիւններով կը ձգտին լաւագոյնին: «Տարիներ շարունակ բոլորս ականատես եղած ենք զանազան մայրերու, որոնք սիրայօժար ծառայած են եկեղեցւոյ` զոհելով իրենց թանկագին ժամերը, լուռ եւ յարատեւ հաւատարիմ մնալով իրենց հաւատքին եւ ծառայութեան», հաստատեց Մանուշակ Թորոսեան` աւելցնելով, որ այդ փաղանգին կը պատկանի Պերճուհի Պոսնոյեան եւ հրաւիրեց զայն, որպէսզի սրբազան հօր ձեռամբ ստանայ օրհնութեան գիր:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ծառայութեան ոգիին` օրինակ բերելով Տիկնանց յանձնախումբին աշխատանքները, որոնք կը կատարեն ծառայութեան ոգիով, որովհետեւ նուիրուած են եկեղեցւոյ եւ հաւատքով կը ծառայեն անոր: Սրբազանը յայտնեց, որ Պերճուհի Պոսնոյեան այն կիներէն մէկն էր, որ երկար տարիներ շարունակ ծառայած է եկեղեցւոյ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը մաղթեց, որ Աստուծոյ քով ընդունելի ըլլայ անոր ծառայութիւնը եւ Աստուած վարձատրէ զայն: Ապա ան յանձնեց օրհնութեան գիրը:
Գեղարուեստական բաժինով եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Շահէ Քէշիշեան մեներգեց մայրերու նուիրուած երգ մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

