Ազգագրական Պարերու Տարեկան Փառատօն

 

 

 

 

 

 

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Կրին օվըլ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ազգագրական պարերու տարեկան փառատօնը, որ երեսունինը տարուան պատմութիւն ունի, եւ որուն նպատակն է ներկայացնել տարբեր ժողովուրդներու պարային մշակոյթն ու աւանդութիւնները, նաեւ` սատարել անոնց: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, պարուսոյց Հուրի Գալայճեանի հետեւողական ճիգերուն եւ աշխատանքին շնորհիւ, հայկական երկու հաստատութիւններու խումբեր մասնակցեցան այս փառատօնին, որուն բացման եւ ողջոյնի խօսքը արտասանեց համալսարանին ուսանողական հարցերու գրասենեակի վարիչ Թալալ Նիզամէտտին:

Հայ աւետարանական քոլեճի եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի խումբերը փառատօնին ընթացքին արժանացան ջերմ ընդունելութեան եւ յատուկ գնահատանքի: Նախ «Զուարթնոց» կեդրոնէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Կանկնամ սթայլ»-ը` ներկաներուն սրտագին քաջալերանքին եւ ծափերուն արժանանալով: Այս առիթով նաեւ կարդացուեցաւ «Զուարթնոց» կեդրոնի տնօրէնութեան ուղերձը` կեդրոնին քսանհինգամեակին առիթով:

Իսկ բաւական խանդավառութիւն ստեղծեց Հայ աւետարանական քոլեճին պարախումբը, որ ներկայացուց հայկական պարերու գեղեցիկ շարք մը` «Ով հայոց աշխարհ», «Լեռնապար», «Սարդարապատ» եւ «Ղարաբաղ» երգերու երաժշտութիւններով: Պարային այս շարքին ընթացքին նաեւ ծածանեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշը:

Պարուսոյց Հուրի Գալայճեանի աշխատանքին շնորհիւ` ահա այս տարի եւս հայկական խրոխտ եւ յաղթական պարերը գեղեցկօրէն ներկայացուեցան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի փառատօնին ընթացքին

Share this Article
CATEGORIES